«Ալ-Ուաթան» եգիպտական կայքէջէն խումբ մը նկարահանած է 13 վայրկեաննոց ֆիլմ մը «Հայաստան` Գեղեցկութիւն ցեղասպանութենէն ետք» խորագիրով, ուր կը ներկայացուի Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը:
Խումբը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան եւ Հայաստանի տեսարժան վայրեր` Գառնիի հեթանոսական տաճար, Սեւանայ լիճ, ֆիլմը եւ կ’եզրակացնէ, որ Հայաստանը Եւրոպական երկիր է արեւելեան բուրմունքով:
Ֆիլմը արտադրուած է «Ալ-Ուաթան TV»-ի կողմէն Մուհամմետ Ալ-Թայիպի նկարահանութեամբ եւ Մուհամմետ Իմատի բեմադրութեամբ: