Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Հ.Բ.Ը.Մ – Հ.Ե.Ը. «ԱՐԻՆ» Պարախումբը Մասնակցեցաւ « Քիպարունա» Կազմակերպութեան Նախաձեռնութեամբ Մեծ Հայրերու Մեծարման Հանդիսութեան

Յաջորդաբար   եօթներորդ  տարին ըլլալով, Շաբաթ,  20  Յունիս 2015, առաւօտեան,  Էմիլ Լահուտ  սրահին մէջ,  ընկերային ծառայութեանց  նախարարութեան հովանաւորութեամբ, եւ «Քիպարունա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ  տեղի ունեցաւ  «Մեծ Հայրերու»   օրուան նուիրուած  հանդիսութիւն  մը:   Հոծ  բազմութիւն մը  գրաւած  էր  սրահին  աթոռները,   առ  ի երախտագիտութիւն՝  երէց  սերունդին նուիրական  ծառայութիւններուն:

Grandparents - 2

Այս առիթով  գործադրուեցաւ  գեղարուեստական  յայտագիր, ուր ներքին ապահովութեան ուժերու  նուագախումբին  ընկերակցութեամբ   ելոյթ  ունեցան   լիբանանցի երգիչ- երգչուհիներ:

Յայտագիրին  ամենաոգեւորիչ  բաժինը անկասկած  Հ.Ե.Ը. «ԱՐԻՆ»  պարախումբին    ելոյթն էր, որ  արժանացաւ ներկաներու  ջերմ  գնահատանքին:  Մեր  պարախումբը, գեղարուեստական  ղեկավար Գայիանէ Մածունեանի  ղեկավարութեամբ եւ պարախումբի վարչութեան  ժրաջան  անդամուհիներուն  աջակցութեամբ յաջորդաբար   կատարեց «Շորոր» (աղջիկներ),  «Գողթան» (տղաք),  Արամ Խաչատրեանի «Ջրածաղիկներու Պար»ը եւ  «Շաւալին՝ խոշիպիլազիք»  պարերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին