Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

27 Ծաղիկներ Իրենց Առաջին Վկայականը Ստացան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Մանկապարտէզէն

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Շաբաթ, 20 Յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Մանկապարտէզի հանդէսը, ներկայութեամբ՝ արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպս. Պաթաքեանի, գերապատիւ հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանի, զօրավար Նազարէթ Գաբրիէլեանի, Հայ Կաթ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն՝ Կրէկուար Գալուստի, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու:
Յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի, Լիբանանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Առաջին բաժինը նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին. արդարեւ, «Ատանա» երգին ընկերակցութեամբ շրջանաւարտները մոմերով խորհրդաւոր կերպով մուտք գործեցին սրահ եւ բարձրացան բեմ, ու կենդանի պատկերի կատարումով խոնարհեցան մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին առջեւ: Ապա, անոնք իրենց մանկական ոճով բայց իմաստալից արտայայութիւններով ողջունեցին մեր նահատակ հոգեւորակակները, մտաւորականները, մամիկներն ու պապիկները, մայրերն ու հայրերը, փոքրիկներն ու երիտասարդները, ինչպէս նաեւ զինուորները, եւ փառք տուին մեր ներկայի հզօր հայրենիքին՝ մայր Հայաստանին։
Տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ այս բեմին վրայ գտնուող շրջանաւարտ մանուկները Ս. Խաչ-Հարպոյեան ծաղկանոցին մէջ գուրգուրալից հոգատարութեամբ սնանելէ ետք, այսօր վարժարանիս դրախտային պարտէզը կ՚իմաստաւորեն այս բերքաքաղի հանդէսով, եւ մաղթեց որ անոնք այս կրթօճախին մէջ շարունակեն իրենց ուսումը եւ հասնին երկրորդականի վկայականին:
Տիկ. Պոյաճեան աւելցուց, որ հարիւր տարիներ առաջ, Մեծ Եղեռնի ընթացքին, հայ մանուկին պարտէզը չոր ու կիզիչ անապատն էր, մինչ մերօրեայ դպրոցներուն մէջ, եւ ի մասնաւորի Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ, աշակերտը լաւագոյն ուսում եւ կրթութիւն կը ստանայ գեղեցիկ ու արդիական կառոյցով կրթօճախի մէջ, ուր որդեգրուած են ներկայ ժամանակներու բոլոր պահանջներուն հետ քայլ պահող կրթական ծրագիրներ: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ հայեցի դաստիարակութեամբ զրահուած եւ հարկ եղած գիտութիւններով զինուած իւրաքանչիւր հայ աշակերտ պատրաստելով պատասխան տուած կ՚ըլլանք հայուն պարտէզը անապատացնել փորձող մարդասպան թուրքին, եւ թանգարանին մէջ միայն մէկ հայ նմոյշի համար պահել ցանկացող Թալաաթ փաշային, եւ այսպիսով իւրաքանչիւր հայ անհատ կը դառնայ վառ ապացոյց, որ մեր ազգը պատմութեան երեսէն ոչնչացնելու բոլոր փորձերը ձախողած են եւ երբեք պիտի չյաջողէին, վկայ` մեր այսօրուան գոյնզգոյն ծաղիկները, ըսաւ Տիկ. Պոյաճեան:
Այնուհետեւ, ան բեմ հրաւիրեց գերապատիւ հայր Նարեկ Լուիսեանը, որ ներկայիս Քեսապի կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւն է: Վերջինս ուրախութիւն յայտնեց տեսնելով, թէ Ս. Խաչ-Հարպոյեանը օրէ օր կը բարգաւաճի, ունի իր պահապան հրեշտակը, որ տնօրէնուհին է եւ ուսուցչակազմը, որոնք միասնաբար կը հսկեն մեր պզտիկներուն փայլուն ապագան ապահովելու համար: Ան նաեւ շեշտեց, որ Աստուծոյ յաւիտենական խօսքը կ‏þըսէ, թէ մանուկը հարկ է կրթել իր փոքր տարիքին որպէսզի երբ մեծնայ չսայթաքի, եւ այս կրթութիւնը կ‏þընդգրկէ նաեւ հաւատք եւ ազգային գիտակցութիւն ջամբել, որոնցմով վրէժ լուծած կ‏þըլլանք օսմանեան պետութենէն, ինչպէս իր խօսքը եզրափակեց գերապատիւ վարդապետը:
Գերապայծառ հայր Պաթաքեանի, տնօրէնուհիին եւ Մանկապարտիզպանուհի՝ Տիկ. Լենա Տէրտէրեանի ձեռամբ կատարուեցաւ վկայականներու բաշխումը:
Յայտագրին երկրորդ բաժինը նուիրուած էր երգի միջազգային օրուան: Կարեւորելով երգին ու երաժշտութեան դերը, մանկապարտէզի աշակերտները, օրուան առիթը օգտագործելով, երգերով ու պարերով պատուեցին իրենց ստեղծագործութիւններով անմահացած եւ մեր յիշողութեան մէջ տեղ գտած հայ թէ օտար արուեստագէտները:
Երգերու, պարերու եւ մանկական հաճելի մթնոլորտով հանդէսի աւարտին, տնօրէնուհին բեմ բարձրանալով շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին, գլխաւորութեամբ ժրաջան մանկապարտիզպանուհիին, իրենց աշխատանքներուն ու նուիրուածութեան համար:

Untitled9Untitled8

Untitled10

Untitled11

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին