*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Մտահոգիչ լուրեր կու գան Հայաստանէն: Մինչ հայրենի ժողովուրդը խաղաղ միջոցներով իր բողոքը կ՛արտայայտէր ընկերային հարցի մը շուրջ, որ այս անգամ կը դրսեւորուի ելեկտրականութեան սակի բարձրացումով, Հայաստանի ոստիկանութիւնը անհամեմատ եւ «չափազանցուած ուժ»ի դիմելով կը փորձէ ցրուել խաղաղ նստացոյցի մասնակիցները:
Պատահածը ամենահակաժողովրդավարական արարքներէն մին է, որ կը պատահի՝ անվայել մեր Հայրենիքի վարկին նամանաւանդ, որ լրագրողներ ալ բռնարարքներու ենթարկուած են ոստիկանական անպատասխանատու տարրերու կողմէ՝ բան մը, որ իր շատ ժխտական անդրադարձը կրնայ ունենալ միջազգային հանրային կարծիքին մօտ:
Զօրակիցը ըլլալով հանդերձ հայրենի պետականութեան եւ անոր հզօրացման, անհանդուրժելի կը գտնենք եղածը: Նախանձախնդիր ըլլալով իր վարկին կոչ կ՛ուղղենք հայրենի պետութեան՝ անյապաղ ձեռնարկելու ընկերային բարօրութեան հետ կապուած բարեկարգումներ կատարել: Քայլ մը, որ առաջքը կրնայ առնել նման ժողովրդային արդար բողոքներուն եւ անկէ փխող հետեւանքներուն՝ քանի տակաւին ուշ չէ… հիմնական մտահոգութիւն ունենալով, որ շրջանային եւ միջազգային կողմեր օգտագործեն ժողովրդային արդար ցասումը եւ ինչ ինչ քաղաքական նպատակներ հետապնդելով՝ մեր հայրենիքը մղեն անցանկալի դէպքերու… վկայ՝ «Արաբական Գարունը», որովհետեւ բոլորս լաւ գիտենք, թէ հոն ինչպէս ժողովրդային արդար բողոքը իրենց պետութեան հանդէպ չարաշահուեցաւ՝ երկիրներ առաջնորդելով արիւնալի եւ մութ փապուղիներու:
Այս խնդիրին մէջ մեր կոչը կ՛երթայ նաեւ թէ՛ հայրենի եւ թէ՛ սփիւռքահայ մեր հայրենակիցներուն չիյնալու նման փորձութեան մէջ՝ առաջնորդուելով օտար կողմերու մութ եւ մեր հայրենիքին վնաս հասցնող օրակարգերով: Թող որ ընկերային արդար պահանջքները մնան առաջնահերթ եւ անոնց ձգտինք քաղաքակիրթ ու ժողովրդավարական միջոցներով: Միեւնոյն ժամանակ հայրենի պետութեան խոնարհաբար կը յիշեցնենք, թէ «ոստիկանական պետութեան» հասկացողութիւնը ժամանակավրէպ է, մինչ ժողովրդավար երկիրներ կը ձգտին իրենց մօտ աւելի եւս ամրացնելու «խնամակալ պետութեան» հասկացողութիւնը: