Շաբաթ, 02. 11. 2024

spot_img

Ռ.Ա.Կ.-ի Պատուիրակութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանի Մէջ

*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*

Նախապէս առնուած ժամադրութեամբ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին: Սոյն հանդիպման ներկայ էր նաեւ Արեւմտեան թեմի  թեմական համակրելի ատենապետ՝ իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեան:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2015, կէսօրէ ետք ժամը 3-ին առաջնորդարանի մէջ, Պըրպէնք:

Ռ.Ա.Կ. պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տօքթ. Ռաֆֆի Պալեանի, ջերմ ու սիրալիր ընդունելութեան մը արժանացաւ Առաջնորդ Հօր եւ թեմականի ատենապետին կողմէ:

Յանուն պատուիրակութեան խօսք առնելով, Տօքթ. Պալեան սեղմ խօսքերով ամբողջական պատկերը տուաւ մեր կուսակցութեան շրջանիս մէջ տարած աշխատանքներուն մասին: Ապա, Յուլիս 11, 2015-ին շրջանիս մէջ գումարուելիք Պատգամաւորական ժողովի մասին խօսելով, Տօքթ. Պալեան խնդրեց Նորին Սրբազնութենէն որ օրհնութեան գիրով մը մասնակից դառնայ ժողովին:

Ապա, Տօքթ. Պալեան խօսեցաւ գաղութս յուզող ու մանաւանդ Թ.Մ.Մ. Արշակ Տիգրանեան վարժարանի դիմագրաւած դժուարութեանց մասին, յուսալով որ ազգապարծանք այս վարժարանի ղեկավարութիւնը կը կարենայ լուծում մը գտնել, պահելու համար կրթական այս հաստա-տութիւնը, իր պատուական անունով, յօգուտ եւ շահ մեր ժողովուրդին:

Խօսք առաւ, թեմականի ժրաջան ատենապետ եւ Արարատ Տարեցներու Տան նախագահ, իրաւաբան՝ Յովսէփ Կանիմեան: Ան իր անսահման ուրախութիւնը յայտնեց իր մօտիկ բարեկամներուն եւ ծանօթներուն հետ անգամ մը եւս հանդիպելուն համար: Պրն. Կանիմեան իր եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր մտածումներուն թարգման հանդիսանալով, կոչ ուղղեց պատուիրակութեան անդամներուն, որ նման հանդիպումները շարունակուին եւ յաճախակի դառնան մեր կազմակերպութեան եւ Հայց. Առաքելական Մայրենի Եկեղեցւոյ միջեւ, որովհետեւ »ինչպէս գիտէք, Արեւմտեան թեմը իր բազմերես ծառայութիւններով եւ աշխատանքով կը ջանայ մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային բազմաթիւ կարիքներուն հասնիլ«, ըսաւ Պր. Ատենապետը:

Պատուիրակութեան անդամները խօսք առնելով իրենց ջերմ շնոր-հաւորութիւնները յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ապրիլ 24-ին սրբադասուած նահատակներուն յիշատակի հարիւրամեակի ձեռնարկնե-րուն, Արեւմտեան թեմի ու մանաւանդ Նորին Սրբազնութեան տարած տքնաջան եւ անփոխարինելի աշխատանքներուն համար. յատկապէս Հոլիվուտի մէջ 160 հազարէ աւելի հայորդիներու քայլաշաւին, Կաթողիկէ տաճարին մէջ եղած միջ-յարանուանական հոգեհանգստեան պաշտօնին համար, Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարի մէջ մատուցուած հաւաքական Ս. Պատարագին համար, մասնակցութեամբ՝ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական հոգեւոր հայրերու եւ բազմաթիւ քաղաքական, գաւառային եւ նահանգային մակարդակով կազմակերպուած ձեռնարկներուն, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Տ. Արք. Տէրտէրեանի բերած նպաստը վեր էին ամէն գնահատանքէ եւ ակնկալիքներէ:

Վերջաւորութեան, Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց անգամ մը եւս հանդիպելու առիթը ունենալուն համար Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներուն հետ, այս պարագային՝ տարբեր հանգամանքներով: Խօսեցաւ Արեւմտեան թեմէն ներս իրագործուած վիթխարի, մեծածաւալ աշխատանքներուն, արձանագրուած իրագործումներուն մասին:

Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց Ռ.Ա.Կ.ի շարքայինները եւ համակիրները, որոնք մեծագոյն գիտակցութեամբ նեցուկ եւ օժանդակողը եղած են Մայրենի Եկեղեցիին՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, անոր միասնականութեան, առաքելութեան եւ պայծառութեան ջատագովը ըլլալով:

Այսպիսի դրական տամադրութիւն ստեղծող մթնոլորտի մէջ մեր պատուիրակութիւնը բաժնուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր գրասենեա-կէն, մեր կազմակերպութեան անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնելով Նորին Սրբազնութեան եւ մեր թեմէն ներս գործող եկեղեցիներուն եւ ծուխերուն:

* * *

Յիշենք, թէ վերջին 12 տարիներուն Արեւմտեան թեմը իր Ոսկե-դարը կÿապրի: Վերջին 12 տարիներուն Արեւմտեան թեմի ծուխերը 17-էն հասան 51-ի: Արեւմտեան թեմէն ներս 900-է աւելի դպիրներ, կիսասարկաւագ, սարկաւագ եւ քահանաներ ձեռնադրուած են: Մշակու-թային, գրական, Շաբաթօրեայ, Կիրակնօրեայ, երիտասարդաց, տիկնանց, Սուրբ Գրային դասընթացքներ, երգչախումբեր, շինարարական, Հայաս-տանի օգնութեան եւ քոյր եկեղեցիներու օգնութեան, տնտեսական, հիմնադրամներ, հրատարակչական ծրագիրներու մարմիններ եւ դասընթացքներու աշխատանքներ կը տարուին:

Նմանապէս, Ս. Պատարագի ձայնապնակներ, DVD-ներ, հոգեւոր գիրքեր, 200-է աւելի գիրքերու հրատարակութիւններ եղան այս 12 տարիներու ընթացքին:

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Արեւմտեան թեմի հոգեւոր եւ աշխարհիկ զինուորագրեալները իրենց աստուածահաճոյ եւ ազգօգօուտ աշխատանքին եւ նուիրումին համար:

Իսկ մեր կազմակերպութիւնը, իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն, խորապէս հաւատացած է եւ կը շարունակէ հաւատալ մեր Եեղեցւոյ հոգեւոր եւ ազգային դերին եւ առաքելութեամբ, միշտ նեցուկ եւ մասնակից դառնալով անոր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին