Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Սարկաւագաց Ձեռնադրութիւն Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Կիրակի, 21 Յունիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին բարձր տնօրինումով եւ օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Բ. Ընծայարանի սաները՝ Աւետիս Կիս. Սրկ. Ասայեան, Նարեկ Կիս. Սրկ. Յովհաննէսեան, Յովհաննէս Կիս. Սրկ. Սէլլումեան, Նորայր Կիս. Սրկ. Տալգլըճեան եւ քահանայից պատրաստութեան դասարանի ուսանող՝ Բաբգէն Կիս. Սրկ. Զէնեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին Սարկաւագական ձեռնադրութիւն ստացան։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Յընթացս Սուրբ Պատարագին, խարտաւիլակ Հայր Սուրբը՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Աշըգեանի առաջնորդութեամբ, ընծայեալները  ծնրադիր Սուրբ Խորան բարձրացան, ուր անոնց անբիծ կեանքին մասին վկայութիւններ տրուելէ ետք,  հրապարակաւ հրաժարեցան աշխարհէն եւ ուխտեցին նուիրուիլ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Սեղանի ծառայութեան։ Ապա, Ձեռնադրիչ Սրբազանը անոնց ուսերուն վրայ զետեղեց Քրիստոսի լուծը խորհրդանշող սուրբ ուրարները եւ հոգեշունչ աղօթքներով անոնց տուաւ Սուրբ Աւետարան ընթերցելու, սկիհի վերաբերում կատարելու ու բուրվառով Աստուծոյ անուշ բոյրը խնկելու իշխանութիւնը։

Ձեռնադրութեան աւարտին, խօսք առնելով Սրբազան Հայրը, ընդհանուր կէտերու մէջ անդրադարձաւ Սարկաւագի անձին, նկարագրին եւ Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ իր ունեցած դերակատարութեան մասին։ Ապա, իր խօսքը ուղղելով ձեռնադրեալներուն, ըսաւ. «Այսօր, որպէս նորոգ ձեռնադրեալ Սարկաւագներ, ձեր կեանքի ընթացքին պէտք է ունենաք հիմնական երեք սկզբունքներ՝ ա) Աստուծոյ, Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարած ձեր ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ անսխալ, անթերի եւ կատարեալ, բ)  Ձեր ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ անբողջական ու անսակարկ եւ գ) Ձեր ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ հաւատարիմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայական սկզբունքներուն. այսինքն, պէտք է ծառայէ՛ք այնպէս ինչպէս այս Սուրբ Աթոռը կը հաւատայ եւ կը պահանջէ ձեզմէ իւրաքանչիւրէն։ Իր խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրեպետը, Դպրեվանքի տեսչութիւնը եւ ձեռնադրեալներուն ծնողները։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, նորօք ձեռնադրեալ սարկաւագները առաջնորդութեամբ Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանին եւ տեսչութեան միւս անդամներուն, բարձրացան Վեհափառ Հայրապետին գրասենեակը: Նորին Սրբութիւնը իր հայրական յորդորներն ու թելադրութիւնները փոխանցեց անոնց եւ գնահատեց Դպրեվանքի տեսչութիւնը: Ապա, Բարեշնորհ Սարկաւագները ծունկի գալով Վեհափառ Հայրապետին դիմաց, «Պահպանիչ»ով եւ աջահամբոյրով ստացան անոր օրհնութիւնը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին