Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

«Պիտի Գան, Պիտի Երթանք… Կէլիճիլէր, Կէտիճիք…»

Զմրուխտ Նէնէն եւ Այնթապի Թափուները- Փաստաթուղթերը

Գրեց՝ Զարմինէ Գ. Պօղոսեան

Հալէպի չոր ու տաք ամրան օրերէն մին էր:  Տնեցիները ամէն մէկը իր գործով դուրս ելած էին: Մարի Մաման-Կէսուր մայրս- օրուան ճաշին վերաբերեալ գնումներ կատարելու համար ելած էր: Երկրորդ  յարկի վրայ ապրող մեր երէցկին քեռկինը «շիրքէթի» գացած էր ինծի կարգ մը ապսպրանքեր կատարելէ ետք թէ՝  «Նէնէն մինակ է, աչքդ վրան պահէ…»:

«Նէնէն» ամուսնոյս մօրենական մեծ մայրն էր. Այնթապէն գաղթական հասած Հալէպ, ճամբուն վրայ 1916-ի ծնունդ Մարի Մամային Պէրիճիկի մօտերը, ծառի մը տակ, ափ մը ջուրով,  հապճեպ կնքելէ ետք- որպէսզի յանկարծ եթէ «բան մը» պատահի գաղթականութեան ճամբուն վրայ եւ անմեղ մանուկը մեռնի- անդենական հասնի մկրտուած եւ արքայութեան ներկայանայ որպէս հա՛յ եւ քրիստոնեա՛յ :

Անշուշտ, փառք տիրոջ, Մարի Մաման ողջ մնացածներէն էր:  Ողջ մնացած էր նաեւ 6-7 տարեկան Նիկտէյէն գաղթական որբուկ Կիրակոս Մավլեան –Պօղոսեանը: Ի՜նչ բախտաւոր զուգադիպութեամբ գաղթականութեան ճամբուն վրայ շուարած տղեկին իերնց համաքաղաքացի մէկը կը ճանչնայ որպէս «Նիյտէյի Սաաթճի Օվանէս Պօղոսեանին քրոջը տղան»  եւ ձեռքէն բռնած կը հասցնէ Սաաթճի-ժամագործ Օվանէսին կարաւանին: Որբուկ Կիրակոսը վստահ չէր կրնար յիշել թէ քանի՞ եղբայր, քանի քոյր ունէր: Ուրախ էր որ քեռին զինք գրանցած էր իր ընտանիքին եւ դարձուցած Պօղոսեան, յաւերժ կորսնցուցած ըլլալով իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն հետ նաեւ ընտանեկան Մավլեան մականունը:  Ահաւասիկ Նիկտէէն Հալէպ հասած այդ որբուկը, քեռիին պէս ժամագործ դարձած, եւ ծառի տակ մկրտուած հայ քրիստոնեայ  աղջնակը Այնթապէն -երկու տարբեր քաղաքներէ գաղթական- Հալէպ հասած էին երիտասարդներ դարձած՝  կ՛ամուսնանան ծնունդ տալով  չորս դուստրերու եւ մէկ մանչ զաւակի որուն «հարսն»  էի ես 60-ականներու վերջին. ..:

Օրերը փոխուած էին: Մեր սերունդին համար հէքեաթային դրուագներ էին գաղթականութեան օրերու ապրուածները: Հալէպ քաղաքին Սէպիլի վրաններէն, Կիւրինցիներու Քէմբէն, Զէյթունցիներու Խանէն, թիթեղածածկ տուներէն հայ ընտանիքներ քարաշէն տուներ պատել տուած էին, շէնքերու կամ անձնական տուներու մէջ կ՛ապրէին հիմա, եւ ծառին տակ մկրտուող աղջնակը՝  կէսուր մայրս էր որ այդ օր ի՛ր  ալ  շիրքէթի օրն էր, պիտի երթար իր գնումներէն ետք:

Շիրքէթը խմբակցութիւն մըն էր կիներու,  նոյն ձեւով ալ երեկոյեան տղամարդիկ կը հաւաքուէին միեւնոյն նպատակով- ժամանց եւ խնայողութիւն: Այս առիթներով կիներուն նիւթը ճաշատեսակներու փոխանակումէն ետք կը դառնար թաղին յարմարագոյն թեկնածուները ամուսնացնելու, խնամախօսութեան կամ նշանտուքի ձեւերը խծբծելու,  տունի կահ կարասիներու փոփոխութիւնները ընելու եւայլն…:

Իսկ տղամարդիկ իրենց յատուկ խօսակցութեան կողքին  «Պլօթ կամ փօքէր խաղալու»  թղթախաղի հաճոյքը կը վայելէին:  Այս հանդիպումները  շաբաթը անգամ մը կը պատահէին կարգով, իւրաքանչիւր շաբաթ մէկ անդամին տունը:

Երկու պարագային ալ գլխաւոր նպատակը դրամահաւաքն էր խնայողութեան, հեռանկարով: Դրամատուներու չգոյութեան խնայասէր հայ տանտիկինները այս ձեւը ընտրած էին ամէն շաբաթ իրենց շաբաթական ծախսելու գումարէն  որոշ բաժին մը մէկդի դնելով, խումբին գանձապահին տալով տարեվերջի հաշուեփակին կոկիկ գումար մը ձեռք կարենալ անցնելու համար: Եթէ խումբի անդամներէն մէկն ու մէկը տարւոյն ընթացքին որոշ գումարի պէտք ունենար իրաւունք ունէր մէջ-ընդ-մէջ փոխ առնելու- տոկոս վճառելու պայմանով-  եւ մինչեւ փոխ առած գումարը վերադարձնելը ամսական տոկոս կու տար, տարեվերջին տոկոսներէն հաւաքուած գումարը հաւասարապէս անդամներուն կը բաժնուէր:

«Նոր հարս» ըլլալով հլու հնազանդ տունը մնալու շրջանս էր: Պարտականութի՞՞ւնս,  չորս կողմը հաւաքել, Հալէպի անվերջանալի փոշիներէն փոշոտած կարասիներուն «փոշին առնել» տունը կարգապահ պահել, եկող հիւրին սուրճ հրամցնել:  Հեռաձայնի չգոյութեան կազմ պատրաստ պէտք էր ըլլալ՝  կոկիկ հագուած, տունը մաքուր, սուրճը պատրաստ ըլլալու էր: Ոեւէ տուեալ պահուն կարելի էր մէկն ու մէկը դուռը զարնէր եւ սուրճ խմելու համար ներս մտնէր: Կը յիշեմ օրեր կային որ սուրճի բաժակները պահարանի հանգիստը չէին տեսներ: Հազիւ խումբ մը ճամբու դրած՝ գաւաթները կը լուացուէին եւ կրկին ափսէին կը շարուէին յաջորդ եկուորը հիւրասիրելու:

Այնթապէն գաղթական Հալէպ հասած Մարի Մամային մայրը Զմրուխտ Նէնէն՝  յիշողութիւնը կորսնցուցած էր այլեւս: Հսկողութիւն կ՛ուզէր: Ո՜ւր էին այն օրերը երբ ինք քսանէ աւելի դեռատի աղջիկներուն, հարսերուն վերահսկիչն էր: Ա՛լ բան չէր մնացած այդ չարքաշ եւ գործունեայ կնոջմէն: 20-անականներու սկիզբին Հալէպ հասնելէն ետք կորովի ձեռներէցութեամբ մը Զմրուխտ Խանըմը գործի մղուած էր եւ իր հետ համախմբելով խումբ մը հայ երիտասարդ մայրեր: Այնպիսի մէկն էր որ ի՛նք կը հսկէր քսանէ աւելի իգական սեռի այդ աշխատաւորներուն,  որոնք «Քէրկահին»  առջեւ նստած Այնթապի գործ կ՛աշխատէին,  որպէսզի Զմրուխտ Խանըմը իր կապերուն միջոցաւ ամերիկացի միսիոնարներուն ղրկէր եւ ամերիկայի մէջ ծախուելէն ետք տոլար ստանար՝ թէ՛ իր ընտանիքին եւ թէ այդ ընտանիքներուն օրապահիկ ապահովելով:

Այս օրերուն նման գործնական իգական սեռի ներկայացուցիչ մը կը պիտակաւորուի որպէս իսկակա՛ն առեւտրական մտածողութեամբ անձնաւորութիւն մը- «Պիզնէս մայնտըտ Վումըն» :

 Հալէպեան օրեր… վերապրողներու սերունդը… կիզիչ աւազներէն, վրաններու խլեակներէն, թիթեղածածկ սենեակներէն, տարուէ տարի, տասնամեակէ տասնամեակ սկսան քարաշէն տուներու մէջ ապրիլ, բարձրագոյն ուսման հետեւող զաւակներներ ունենալ, հայ եպրոցները նախակրթարաններէն երկրորդական վարժարաններու դռներ բացուեցան, թատրոն, երգահանդէսներ, ամառնային ակումբային պարտէզներու ելոյթներ կազմակերպել սկսան….

 Ա՛յս էր կեանքը 60-70-ականներուն մեր Երազային Հալէպին մէջ քանի մը տասնեակ նախակրթարաններով, երեք գլխաւոր երկրորդական վարժարաններով, եկեղեցիներով, հայրենակցական եւ կուսակցական ակումբներով, Սարեան Արուեստի դպրոցով, հայո՛ւ անուն կրող հիւանդանոցով …

  Պարտականութիւնս չէի մոռցած:  Զմրուխտ Նէնէին աչք պահելու համար մէկ վերի յարկ կը վազէի, տեսնելու որ ի՞նչ գործի վրայ է Նէնէն, կրկին վարի յարկը գործիս վերադառնալու:

 Երեւի կէս ժամ անց էր ձայն մը լսեցի վերէն եւ աճապարանօք վեր վազեցի: Ի՜՜նչ տեսնեմ:

  Զմրուխտ Նէնէն իր դարակը պարպած էր,  ճերմակեղէնները «ՊՕԽՃԱ»  ըրած՝ ծրարած էր սաւանի մը մէջ չորս անկիւնները իրար հանգուցելով,  գլխուն գլխաշորը-եազման- ճիշդ հին օրերու ձեւով կզակին տակ կապած նստած էր իր ծրարին մօտ վախուորած-սառած աչքերը սեւեռած դուռին:

Իմ բացականչութեանս եւ թրքերէնով հարցիս վրայ թէ՝

  • Նէնէ ի՞նչ ըրիր- ո՞ւր կ՛երթաս…

 զգուշացնող ցած ձայնով մը, մատը շուրթներուն դրած,  թուրքերէնով  անշուշտ պատասխանեց,

  • Սո՜՜ւս կէլի՛ն, կէլիճիլէր.. կէտիճիք – Լուռ կեցիր հա՛րս, պիտի գան պիտի երթանք…

Չորս կողմի թափթփած վիճակէն, պարպուած դարակներէն դուրս մնացածները հաւաքել փորձեցի,  ի՜՜նչ տեսնեմ գետնին վրայ կտոր-կտոր դարձած փռուած էին պաշտօնական փաստաթուղթերու խունացած-դեղնած  ծուէնները,  բզիկ-բզիկ եղած ամբողջ անցեալի մը իրաւունքի՛ն փաստերը:

  • Նէնէ ի՞նչ են ասոնք, ի՞նչ պատռեր ես, ինչո՞ւ պատռեր ես…

Հիստերիք խնդուք մը արձակեց … միշտ շատ լուրջ եւ խիստ մամա-մեծ մամա հանգամանքով այս կնոջմէն նման խնդուք բնաւ չէի տեսած:

  • «Այնթապըն էվլէրիմիզին թափուլարը… քիմէ՞ եարար եավրում- Այնթապի մեր տան պաշտօնական փաստաթուղթերն են: Որո՞ւն է պէտք…ո՞վ է մեզի տուն տուողը…  Ահա կինէ այնըսը … կէլիճիլէր, կէտիճիք, պէնտէ պիլմիէմ նէրիյէ.. Ահա նորէն պիտի գան- պիտի երթանք.. ես ալ չեմ գիտեր ո՞ւր…»
  • Նէնէ՛, տե՛ղ մըն ալ պիտի չերթանք .. Հոս Հալէ՛պ է, քո՛ւ տունդ է, քու քահանայ տղուդ տունն ես, ամէն ինչ ապահով է հոս, հայերուն լաւ աչքով կը նային, մեզի մեր տուներէն վռնտող կամ տեղահան ընող չկայ…

    Լուռ նայեցաւ ինծի , գլուխը շարժեց … եւ տխուր աչքերը հեռուն պահած ըսաւ…

  • Կէլին սէն հի՛չ պիրշէտէն խապարըն եօք տըր… Կէլիճիլէր- կէտիճիք, սէվքիէթ տըր եավրում ….  Հարս դուն բանէ մը լուր չունիս .. պիտի գան ..պիտի տանին մեզի, տեղահանութիւն է զաւակս…

***

Հարիւր տարի ետք այսօր երբ կը խօսինք պաշտօնական արտօնագրերու, փաստաթուղթեր գտնելու, թափուներու մասին,  քառասուն տարի առաջուայ պատահած այս դէպքը,  Զմրուխտ Նէնէն աչքիս առաջ կու գայ իր պօխճայով, եազմայով  եւ մանրուած թուղթի կտորները գետնին,  որ 100 տարի առաջ Այնթապի իրենց տաքուկ բոյնին օրինական փաստաթուղթերն էին…

Այսօր Հալէպի իր եւ իր բոլոր հարազատներուն գերեզմանն անգամ ոտնակոխուած է … ո՜վքեր կան հոն թաղուած… Յակոբ Օշական, Համբարձում Էֆէնտի Պէրպէրեան.. քահանաներու, հոգեւոր հայրերու համար կառուցուած յատուկ դամբարանը- հապա՞ Այնթապի ինքնապաշտպանութեան յուշարձա՞նը, ուր ամէն Ապրիլ Մէկին կը նշուէր Ապրիլ 1, 1920-ին Այնթապի հերոսամարտը,  հսկայ թափօրով ծաղկեպսակ կը զետեղուէր Ատուր Լեւոնեան, Աւետիս Գալէմքեարեան, Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Թաւուքճեանի նման ինքնապաշպանութեան հերոս ղեկավարներու անունը կրող թամբարանին:

Այո՛, հիմա միեւնոյն հոգեվիճակները կ՛ապրին մեր հարազատները հոն Հալէպի մէջ:  Զմրուխտ Նէնէին եւ իր քահանայ զաւկին գերեզմաններուն այցելութիւնն անգամ վտանգուած է:  Ի՜նչ-ինչ երիտասարդներ կը զոհուին անորոշ փոսերու մէջ թաղուելով:

 Իսկ այն եկեղեցին, որ իր քահանայ տղան քառասուն տարի ծառայեց, հարիւրաւոր մանուկներ մկրտեց, քանի-քանի տասնեակ երիտասարդներու ամուսնութիւնը օրհնեց՝  հրոյ ճարակ դարձած է եւ անգործածելի՛  այսօր՝  2015-ին:

Կէլիճիլէր .. կէտիճիք…

 Հիմա ո՞ւր երթայ Հալէպահայութիւնը երբ նոյն խորշակը մուտք գործած է հո՛ն,  ուր հիւրընկալ Արաբ երկիրն էր ժամանակին 1915-ի ցեղասպանութենէն վերապրողներուն համար:

 Զարմինէ Գ. Պօղոսեան

Նիւ Եորք – Ապրիլ 10, 2015

Untitled11

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին