Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Յայտնի Գործարարներ Գրիգոր Ճապուրեան եւ Տիգրան Չապլաքեան Այցելեցին Մեսրոպեան Վարժարան

18 Յունիս 2015-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ գործող ճարտարագէտ եւ բարեգործ, նախկին մեսրոպեանական Գրիգոր Ճապուրեան եւ յայտնի գործարար Տիգրան Չապլաքեան այցելեցին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ ծանօթացան վարժարանի կրթական կեանքին:

Հիւրերուն կ՛ընկերակցէին Այնճարի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետ Սագայեան եւ բարձրակարգ յուշանուէրներու արտադրութեան աշխարհահռչակ Montegrappa իտալական ընկերութեան ներկայացուցիչը: Վարժարան կատարած շրջայցին անոնց միացաւ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Հայր Գէորգ ծ. Վրդ. Եղիայեան:

Երկու հայ գործարարները հանրութեան ծանօթ են Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի նշման իւրայատուկ նախաձեռնութեան մը որպէս հեղինակներ. անոնք 2015-ի Պազելի միջազգային ցուցահանդէսին (Զուիցերիա) ներկայացուցին “Էրեբունի” յուշանուէրային գրիչը, որ արժանացաւ լայն հետաքրքրութեան: Հայ ազգային եւ կրօնական մոթիվներով եւ հայ մշակոյթի ու պատմութեան ամենայատկանշական խորհրդանիշներով զարդարուած գրիչին ձեւաւորումը կատարած է գեղանկարիչ Գօգօ Կարապետ Սագայեան, արտադրութիւնը՝ Montegrappa ընկերութիւնը:

Այս առիթով, նախաձեռնութեան հեղինակները հովանաւորած են նաեւ հրատարակութիւնը «Վերածնունդով դէպի յաւերժութիւն» յուշագիրքին, ուր 8 լեզուներով ներկայացուած են դարերու ընթացքին հայ պետական, կրօնական եւ մշակութային կեանքին վրայ իրենց որոշիչ ու վճռական կնիքը դրած 61 հայ անձնաւորութիւններ: Գիրքին հեղինակն է Դոկտ. Հ. Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան:

Այցելութեան առիթով, Գրիգոր Ճապուրեան եւ Տիգրան Չապլաքեան “Էրեբունի” գրիչ մը նուիրեցին Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստին, առ ի գնահատանք վարժարանին արձանագրած յաջողութիւններուն եւ կրթութեան պայմաններու զարգացման համար կատարուող աշխատանքներուն:

                                                                                       ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Untitled1

Untitled5

Untitled3

Untitled2

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին