Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու անասելի տառապանքներուն վրայ աչքերը բանալու կոչ հնչած է Վատիկանի մէջ` Արեւելեան եկեղեցիներու օգնութեան միաւորման ընդլայնուած նիստի մասնակիցներու ընդունելութեան ժամանակ: Հռոմի պապ Ֆրանսիսը յայտարարած է, որ այսօր կարգ մը անձերու՝ հազարաւոր մարդոց կեանքէն աւելի՝ կը հետաքրքրեն զէնքն ու քարիւղը, կը յայտնէ Panarmenian.net-ը՝ վկայակոչելով Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանը:
Հռոմի պապը եւս մէկ անգամ ընդգծած է, թէ որքան կը վրդովեցնէ անոնց վարքագիծը, որոնք բառացի խաղաղութիւն կը քարոզեն, իսկ իրականութեան մէջ մահ կը սփռեն: «Հարկաւոր է աւելի մեծ ջանքեր գործադրել,-ըսած է ան,-արմատախիլ ընելու համար գաղտնի համաձայնութիւնները, որոնց պատճառով հազարաւոր մարդոց` կանանց, երեխաներու, ծերունիներու կեանքը շահի նժարին շատ աւելի քիչ կշիռ ունի, քան քարիւղն ու զէնքը, եւ երբ խաղաղութիւն ու արդարութիւն հռչակելով, կը հանդուրժ ենք մահ վաճառողներուն այդ հողերուն վրայ»
Ֆրանսիս պապը խնդրած է բարերարներուն օգնել յատկապէս Եթովպիոյ եւ Էրիթրէայի քրիստոնեաներուն`չմոռնալով քրիստոնէութեան օրրան Հայաստանի մասին: Պապը աւարտած է իր խօսքը Վերածնունդի մասին սուրբ Եփրեմի օրհներգէն մէջբերումով:
Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար հիմնական սպառնալիքը կը բխի ահաբեկչական «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումէն: