Շաբաթ, 14. 06. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան 100-Ամեակի Մանկապարտէզի Հունձք

          Յունիս տասնչորսի առաւօտեան ՀԲԸՄ Պ.Գ. Կարմիրեան վարժարանի բազմամարդ մուտքն ու նախասրահը յագեցած էին  տօնական տրամադրութեամբ: Մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման հանդէսը կ’ազդարարէր 2014 – 2015 ուսումնական տարուան բարեյաջող աւարտը, յաջորդելով օրեր առաջ վերջ գտած պրէօվէ դասարանի պետական քննութիւններուն, մինչ միւս` նախակրթարանի, միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտներուն համար քննական շրջանը աւարտական հանգրուան կը թեւակոխէ:

            Օրը տօնական էր անխտիր բոլորին` ղեկավարութեան, թէ ուսուցչական կազմին, ծնողներուն թէ շրջանաւարտ փոքրիկներուն համար: Ծաղիկ դասարանցիներուն խմբակը մկրտուած էր «Հարիւր ամեակի հունձք» անուամբ, իսկ բեմն ու սրահը ներկաները կը պարուրէին  մանուշակագոյնի ու ճերմակի երանգներով…: Հանդէսը որոշեալ ժամուն մեկնարկեց արդար պահանջի ու ծլարձակման խորհրդանիշ գոյներուն սփռած տրամադրութեամբ:

            Բացուող վարագոյրին հետ բեմահարթակ բարձրացան ազգային տարազով չորս «Ծաղիկներ», որոնց շուրթերով հանդիսատեսին մայրենի լեզուին կարկաչը հասաւ…:

            Ծիլ-բողբոջ-կոկոն-ծաղիկ միացեալ երգչախումբը /երգի դասատու` Նորա Եղիայեան/ ներկաներուն եռալեզու երգերու հրաշալի փունջ մը մատուցեց` «Խնջոյքի երգ», «Երիտասարդական քայլերգ» եւ այլն:

            Արարատի հովանիէն հեռու հասակ առնող այս սերունդը «Սեղանն է առատ, դիմացն Արարատ»  կ’երգէ, իսկ հայ երգը, ինչպէս գիտենք, հմայիլի ուժ ունի: ՀԲԸՄ վարժարաններու ղեկավարութիւնը իր սաները գիտէ զինել ազգային պատկանելութեան գիտակցութեամբ:

            Ահա այս միտքն էր, որ  իր կուռ խօսքով արտայայտեց նաեւ Մանկապարտիզպանուհի Օրդ. Սոնիա Տեյիրմենճեան:

            Փոքրիկները «Հայկական հարսանիք» ներկայացուցին: Հայկական ժողովրդական երաժշտութեան կշռոյթին թելադրանքով  հարսանեկան սեղան պատրաստեցին, չմոռնալով սեղանի զարդ աւանդական ղափաման, «հարսն ու փեսան» իրենց գահաւորակներուն վրայ բազմեցուցին, ապա ծափեր խլող գեղեցիկ պարեր ցուցադրեցին /պարուսոյց Վարիա Ճունթոյեան/:

            «Հայորդի եմ», «Իմ հայ լեզու», «Հայրենիք», «Հայաստան», «Ես զաւակն եմ պապերուս», «Արեւի երկիր» երգ, պար ու խօսքով, մեր երեխաները բերկրանքով լեցուցին իրենց ծնողներուն սրտերը: Զարմանալի ճկունութեամբ հնչեցին նաեւ արաբերէնն ու անգլերէնը, որոնք հայերէնի կողքին իրենց կարեւոր դերը պիտի կատարեն մեր փոքրիկներուն ապագայ կեանքին մէջ:

            Վարժարանի Տնօրէնուհի Տիկ. Մ. Պալեօզեանին վստահութիւն ներշնչող խօսքը կրկին անգամ հաւաստեց ՀԲԸՄ վարժարաններուն որդեգրած ազգային անշեղ ուղին: Անոր խօսքը հնչեց քառասնամեայ Կարմիրեանի տոկունութեամբ ու գալիք օրերու նկատմամբ արդար լաւատեսութեամբ:

            Ապագայ առաջին դասարանցիներուն մանկապարտէզի աւարտական  վկայականները բաշխուեցան Լիբանանի մէջ ՀՀ հիւպատոս Տիար Աշոտ Վարդանեանի, ՀԲԸՄ կրթական Յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Սիլվա Լիպարիտեանի, ՀԲԸՄ Լիբանանին վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեանի եւ Կարմիրեան Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Մարալ Պալեօզեանի կողմէ:

            Այս ուրախառիթ հանդիսութեան աւարտին, դպրոցի շրջափակին մէջ բոլորին մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ տօնական կարկանդակի հատումը: Ժպիտներ, ուրախութեան արցունքներ, լուսանկարներ… Գեղեցիկ յիշատակներ, որոնց հենքին վրայ մեր նորագոյն սերունդը պիտի շարունակէ իր ճամբան, իր վերելքը…:

Untitled3

Untitled4

Untitled2

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին