Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

«Սփիւռքահայ Տեղեկատուութեան Դաշտը Անցումային Հանգրուանին Տպագիրէն Թուայնացում՚»

Հովանաւորութեամբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ Կազմակերպութեամբ ՙՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ՚ի երէկ` 17 Յունիս 2015ին Թէքէեան Կեդրոնի ՙԳերսամ Ահարոնեան՚ հանդիսասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Կլոր Սեղանի շուրջ հանդիպում մը՝ ՙՍփիւռքահայ Տեղեկատուութեան Դաշտը Անցումային Հանգրուանին Տպագիրէն Թուայնացում՚ խորագրով:

Կլոր սեղանի դասախօս մասնակիցներն էին Դոկտ. Արա Սանճեան` Միչիկըն Համալսարանի Հայագիտութեան Ամպիոնի Վարիչ, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան` Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի Տնօրէն, Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան` Արաբական Ծոցի Աստուածաշնչական Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար, Տիկ. Անիթա Լիպեար, Լիբանանի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Վարիչ Տնօրէնուհի, Պրն. Շահան Գանտահարեան` ՙԱզդակ՚ օրաթերթի Տնօրէն եւ Գլխաւոր Խմբագիր ու Պրն. Շիրազ Ճէրէճեան` Մուսթաքպալ հեռատեսիլի եւ ՙՌատիօ Սեւան՚ի լրագրող եւ հաղորդավար ինչպէս նաեւ Պէյրութի ՙԱրարատ՚ օրաթերթի քաղաքական էջի խմբագիր: Կլոր սեղանը վարեց` ՙՌԱԿ Մամուլ՚ի եւ ՙԶարթօնք՚ Օրաթերթի գլխաւոր Խմբագիր` ընկ. Սեւակ Յակոբեան:

_MG_7787

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՌԱԿ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ընկ. Սեւակ Յակոբեան բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ շնորհակալութիւն յայտնելով եկեղեցական, դիւանագիտական, կուսակցական, միութենական կազմակերպութիւններու բոլոր ներկայացուցիչներուն, դասախօս-մասնակիցներուն եւ հանդիսականներուն:

_MG_7774

Նախքան դասախօսներու ելոյթ ունենալը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան տեսաերիզի ճամբով իր գնահատական ու զօրակցական ողջոյնի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, կարեւորութեամբ շեշտելով տեղեկատուական տպագիր եւ թուայնացած տարբերակները: Ապա հերթաբար ելոյթ ունեցան դասախօսները, ամէն մէկը իր մասնագիտութեամբ եւ հայեցակէտով ներկայացնելով արդի արհեստագիտութեան դրական եւ ժխտական կէտերը:

Աւարտին առիթը տրուեցաւ ներկաներուն իրենց հարցումները ուղղելու բանախօսներուն:

Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին