Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Ոչ Եւս է Ընկեր Նորայր Տէօվլէթեան – Ցաւակցագիր Տէօվլէթեան Ընտանիքին

Ազնուափայլ ընկերուհի Արաքսի Տէօվլէթեան

Սիրելի Կասիա, Մարալ եւ Կարինէ

Վշտակիր անդամներ Տէօվլէթեան ընտանիքի

Թանկագին հարազատներ,

Սրտի խոր ցաւով իմացանք Ձեր սիրելի կողակիցին, հօր եւ հարազատին՝ մեր սիրելի ընկեր Նորայրին մահուան գոյժը:

Ընկեր Նորայրը մեզի ծանօթ է, որպէս օրինակելի կուսակցական եւ ազնուական Հայ Մարդ: Այն տարիներ շարունակ իր ազգին ու Հայրենիքին ծառայած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, ՀԲԸՄիութեան եւ շարք մը թեմական եւ ազգային հաստատութիւններու միջոցաւ:

Ընկեր Նորայրի վատակը մեծ է Եգիպտահայ գաղութի կազմակերպման եւ բարօրութեան մէջ: Ան իր երկարամեայ գործոն ծառայութինով փաստած է իր իսկական հայրենասիրութինը, կուսակցանուիրութիւնը եւ ղեկավար մարդու արժանիքները: Որպէս պատուոյ անդամ ՌԱԿ Կեդրոնական եւ Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութեան մինչեւ իր վերջին շունջը ամենայն բծախնդրութեամբ հետեւած է կուսակցական եւ ազգային գործերուն: Ընկեր Նորայր իր կողակիցին հետ հասցուցած է երեք աննման եւ կուսակցանուէր դուստրեր, որոնք պատիւ կը բերեն իրենց գաղութին եւ աշխարհասփիւռ մեր անդամակցութեան:

Նման նուիրեալ գաղափարի ընկերներուն  օրինակը սերունդներու համար պիտի ըլլան ուղեցոյց՝ անսահման զոհաբերութեան, նուիրումի, աշխատասիրութեան եւ յարատեւութեան։

Հոգեհարազատ սիրելիներ,

Այս տխուր առիթով, Ձեր գաղափարակից ընկերները Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեանս  մէջ, մեր աշխարհասփիւռ շարքային ընկերներուն անունով խորազգաց ցաւակցութիւններ կը յայտնենք Ձեր բոլորին:

Անհուն մխիթարութիւն Ձեզի եւ բիւր յարգանք ու յաւերժական հանգիստ մեր սիրեցեալ ընկեր Նորայրին:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին