Արձագանգելով ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի` սփիւռքահայերուն ուղղուած կոչին` 1000-ական տոլար ներդնել հայկական դրամատուներու մէջ եւ այդպիսով նպաստելով Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման եւ միաժամանակ շահոյթ ունենալ, ֆրանսահայ Ժիլպերթ Տէրտէրեանը ցանկութիւն յայտնած է, ոչ թէ 1000 տոլար, այլ 16.000 եւրոյի աւանդային ներդրում կատարել հայկական դրամատուներէն մէկուն մէջ: Այս մասին պարոն Տէրտէրեան յայտնած է ՀՀ սփիւռքի նախարարին ուղղուած նամակի մէջ, ուր մասնաւորապէս ըսած է.
Յարգելի՛ տիկին Յակոբեան,
Տեղեկացայ Ձեր մտայղացման մասին, այն է՝ հայաստանեան դրամատնային համակարգին եւ ՀՀ տնտեսութեան խթանելու եւ աջակցելու նպատակով սփիւքահայերու համաձայնութեամբ դրամատուներու մէջ աւանդներու ներդրումը:
Տարիներ շարունակ Հայաստանի դրամատնային համակարգը բաւական բարելաւուած է եւ համախմբուած Կեդրոնական դրամատան շուրջը՝ համապատասխանելով միջազգային մասնագիտացուած դրամատնային չափորոշիչներուն:
Չցանկալով մանրամասնել այս հարցին առնչուող մակրոտնտեսական մոտեցումները՝ ես՝ իբրեւ հայաստանեան դրամատուներէն մէկուն անհատ-յաճախորդ, կը հաւաստիացնեմ իմ գոհունակութիւնս թէ´ ծառայութեան որակի, թէ´ ընդունելութեան, թէ´ հաշուի սպասարման որակի եւ թէ´ ներդրած գումարի շահութաբերութեան առումներով:
Կարծեմ այս գերազանց նախաձեռնութիւնը, սփիւռքի մեր հայրենակիցներու կամքի եւ աջակցութեան պարագային, կը հանդիսանայ իբրեւ երկարատեւ խթանիչ միջոց Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան զարցման գործին մէջ:
Յարգանքով եւ երախտիքով՝
Ժիլպերթ Տէրտէրեան
Փորձագէտներու միջազգային ընկերակցութեան պատուաւոր փորձագէտ
Սիանս-Պո էքս ինստիտուտի կրթութեան հարցերով պատասխանատու.