ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնս, իր շրջանակի անունով կուգայ շնորհաւորելու Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնաւորումը, իր նորաստեղծ կեդրոնով եւ ստորաբաժանմունքներով:
14 Յունիսի 2015-ին կայացած համագումարին մէջ վաւերացուած են ՌԱԿուսակցութեան տեղական կանոնագիրն ու ծրագիրները, կուսակցութեան շրջանակի ատենապետ ընտրելով՝ ընկեր Բարդուխ Գալստեանը:
Շրջանակիս սրտաբուխ շնորհաւորութիւնները կ՝ուղղուին նախ՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան, իր անբասիր, յարատեւ եւ ազգային ոգիով տոգորուած տածած անխոնջ աշխատանքներուն համար, որոնք արդիւնաւորուեցան բացառիկ յաջողութեամբ, Արցախի մէջ հիմնաւորելով ՌԱԿուսակցութիւնը:
Մեր շնորհաւորութիւնները կ՝ուղղուին եւս՝ Մեր Հայրենիք Արցախի, Ստեփանակերտ մայրաքաղաքի սրտին մէջ նորաստեղծ ՌԱԿուսակցութեան օրինական ներկայացուցչութիւնը՝ «Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» անուան ներքեւ:
Ընկերական ողջոյններով կը դիմաւորենք ազգային այս հրճուալի հաղորդագրութիւնը Արցախէն, մաղթելով յարատեւ կորով եւ քաջառողջութիւն Արցախի ՌԱԿ-ին նորընտիր ատենապետ՝ ընկեր Բարդուխ Գալստեանին եւ Արցախի համայն անդամակցութեան:
ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն