Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

ՌԱԿ-ի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանեան Ուժերու Նախագահ Սամիր Ժաաժային

Երեքշաբթի 16 Յունիս 2015ի  յետ միջօրէի ժամը 4:00ին, ՌԱԿի պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ Ընկ. Միքայէլ Վայէճեանին այցելեց  Լիբանանեան Ուժերու կեդրոնատեղի՝ Մաարապ, տեսակցութիւն ունենալու անոր նախագահ’՝ տոքթ. Սամիր Ժաաժային հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ ՌԱԿի պետական նախկին երեսփոխան Ընկ. Յակոբ Գասարճեան:

Pic 3

Շուրջ մէկ ժամ տեւած մտերմիկ հանդիպումին ընթացքին, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Լիբանանեան Ուժերու Պէյրութի համակարգող Պրն. Իմատ Ուաքիմ, կողմերը արծարծեցին Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցեր, ի մասնաւորի Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքի շուտափոյթ լոյս ընծայման կարեւորութիւնը, որուն հիման վրայ կարելի ըլլայ կազմակերպել խորհրդարանական ընտրութիւններ: Կողմերը նաեւ անդրադարձան շրջանին մէջ քրիստոնեաներու իրավիճակին:

Pic 4

ՌԱԿի պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց տոքթ. Ժաաժային, իր կողմէ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան համար: Պատուիրակութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատրաստութեամբ լոյս ընծայուած «Նարեկ» աղօթագիրքի ձեռագրին կրկնօրինակը նուիրեց տոքթ. Ժաաժաին առ ի երախտագիտութիւն:

Աւարտին ընկ. Վայէճեան թղթակիցներուն առջեւ ելոյթ ունենալով պարզեց այցելութեան նպատակը:

Pic 2
Ձախէն՝ ընկ.հի Ճէքի Տէրվիշեան, Տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան, ընկ. Միքայէլ Վայէճեան, ընկ. Սեւակ Յակոբեան եւ ընկ. Արա Գոյունեան
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին