Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

Հայ Աւետարանական Գոլէճ – «Ծիրանի» Երգչախումբին Փայլուն Ելոյթը

Կիրակի, 22 Մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցիին մէջ, տեղի ունեցաւ դպրոցի «Ծիրանի» մանկապատանեկան երգչախումբին տարեկան ելոյթը։

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք դպրոցի վաստակաշատ տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան կատարեց բացման խօսքը նշելով թէ հայոց վրայ գործադրուած ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրած էր ձեռնարկը, յատկապէս շեշտելով որ ցեղասպանութիւնը լրիւ չէր յաջողած եւ ունէինք հայրենիք ու պետականութիւն եւ ապրող հայութիւն։

Հայաշունչ եւ ոգեշնչող խմբերգներ ներկայացուեցան «Մենք Թոռներն Ենք Մաշտոցին», «Մշեցի Մօր Երգը», «Ղարաբաղի Բալիկն Ենք», «Ջան Հայրենիք» (մեներգող Անթոնի Օպէյտ), «Հայաստան», «Կիլիկիա», «Իմ Անունը Հայաստան Է»։ Երգչախումբը հմտօրէն կը ղեկավարէր Տիկ. Նեկտար Փալազեան եւ դաշնամուրի վրայ կÿընկերակցէր Ժ. դասարանէն Քրիսթին Մաամարպաշի եւ պարբերաբար ջութակի վրայ նուագներ՝ Լոռի Եունիսէսի (Ժ. դասարան) եւ Կրէյս Մաամարպաշիի (Ը. դասարան) կողմէ։

Նախ. Ա.ի փոքրիկներն ալ չորս մանկական երգեր երգեցին։ Փակման խօսքը եւ օրհնութեան աղօթքը ըրաւ Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցիի հովիւ Վեր. Հրայր Չոլագեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին