Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան 97-ամեակի առիթով Մայիս 29-ին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պատարագ եւ Հայաստանի դրօշի օրհնութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութիւններու ազգային վարչութեան պաշտօնական էջը:
Արարողութիւնը ընթացաւԱրաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի հանդիսապետութեամբ: Կաթողիկոսական փոխանորդ Հայր Սուրբը հանդէս եկաւ պատգամով:
Բացի այդ, Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութիւններու ազգային վարչութեան կազմակերպութեամբ Անկախութեան տօնին առիթով` Մայիս 28-ին Տուպայի JW Marriott-Deira հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ լիբանանահայ երգիչ Սերոբ Յակոբեանի մասնակցութեամբ: