*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*
Կիրակի, Մայիս 17, 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Կլենտէյլի Hoover High School-ի սրահին մէջ՝ յորդահոս բազմութեան մը ներ-կայութեամբ, տեղի ունեցաւ Վանի փառապանծ ինքնապաշտպութեան 100-ամեակի փառաշուք տօնակատարութիւնը:
Ձեռնարկը կազմկերպուած էր Վասպուրականի Հայրենակցական Միութեան Լոս Անճելոսի մասնաճիւղին կողմէ:
Պարսիկները Վան նահանգի անունը Վասպուրական դրած են, որ կը նշանակէ »Քաջորդիք«, կամ՝ »Վեհորդիք«. եւ իսկապէս ալ, Վանի մեր հայրենակիցները իրենց հայրենասիրութեամբ, քաջագործութեամբ, խիզախութեամբ փաստած են որ անոնք արժանի են Վասպուրականի այս պատուաբեր անունին:
Արդարեւ, այս տօնակատարութիւնը իր յայտագրով, բանախօսնե-րու պատգամներով եւ գեղարուեստական շատ հաճելի բաժինով, հպարտութեամբ լեցուց իւրաքանչիւր անձի սիրտը, որ ներկայ էր այդ ձեռնարկին, իր հետ տանելով վասպուրականցիներու հայու անպարտելի ոգին:
Հ. Բ. Ը. Միութեան սկաուտական խումբի դրօշակի արարողութեամբ սկսաւ տօնակատարութիւնը: Մեծանուն երգիչ Յովիկ Գրիգորեան երգեց Ամերիկայի եւ Հայաստանի օրհներգները: Բացման եւ ողջոյնի իր խօսքով ելոյթ ունեցաւ ծանօթ հասարակական երիտասարդ գործիչ՝ Արէգ Գէորգեան: Ան հրաւիրեց Միութեան վարչութեան ներկայացուցիչ, իրաւաբան, »Կամարակ« թերթի խմբագիր՝ Յակոբ Մկրտիչեանը, Միութեան վարչութեան խօսքը ըսելու: Պրն. Մկրտիչեան, Կազմակերպիչ Յանձնախումբի եւ Միութեան վարչութեան անունով աւուր պատշաճի խօսքերէն ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս նպաստեցին այս տօնակատարութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց գաղութիս հոգեւոր եւ աշխարհիկ հաստատութեանց եւ կազմակերպութեանց ղեկավարներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր հիւպատոսի տեղակալ՝ Վալերի Մկրտումեանին, Կլենտէլի, Լոս Անճելոսի քաղաքական գործիչներուն, Գոնկրեսմէն Ատամ Շիֆին, որ իր ներկայութեամբ պատուեց տօնակատարութիւնը:
Արէգ Գէորգեան ջերմ խօսքերով հրաւիրեց »հայ գաղութի ընտանիքի անդամ«, հայասէր Գոնկրեսմէն՝ Ատամ Շիֆը, ելոյթ ունենալու համար: Յարգելի Գոնկրեսմէնը նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց գտնուելու համար իր շատ սիրելի »Հայկական ընտանիքին« հետ, ապա ջերմ խօսքերով շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը Վասպուրականի հերոսական ինքնապաշտպանութեան 100-ամեակին առիթով: Պրն. Շիֆ հայերուն ու մանաւանդ անոնց պատմութեան մօտէն ծանօթ ըլլալով, մեծապէս գնահատեց հայ ժողովուրդը, որ պատմութեան ընթացքին նման քաջագործութիւններով փայլուն էջեր կերտած է:
Գաղութիս ծանօթ ասմունքող, »Բարեւ« հեռատեսիլի յայտագրի տնօրէն եւ հաղորդավար՝ Նունէ Աւետիսեան շարունակեց տօնակատարութեան հանդիսավարութիւնը:
Բեմ հրաւիրուեցաւ բազմավաստակ երգիչ՝ Յովիկ Գրիգորեան, որ երգեց Արմէն Մանդակունեանի խօսքերով եւ երաժշտութեամբ յօրինուած »Իմ հայրենիք Վան« երգը, արժանանալով հանդիսականնե-րու ջերմ ծափահարութեանց:
Վասպուրականի Հայրենակցական Միութեան բազմավաստակ ղեկավարներէն, Վանի հերոսամարտի հմուտ մասնագէտ, ազգային-սարակական գործիչ՝ Մայքըլ Սօսիկեան օրուան գլխաւոր բանախօսներէն էր: Ան շատ գեղեցիկ հայերէնով, հրապարակախօսի տպաւորիչ ելոյթով ներկայացուց այս պատմական ինքնապաշտպանութեան մանրամասնու-թիւնները, կազմակերպչական աշխատանքները, ինքնապաշտպանու-թեան տուն տուող քաղաքական պատճառները: Մայքըլ Սօսիկեան մեծա-պէս արժեւորեց այս ինքնապաշտպանութեան մէջ հայ ժողովուրդի ու մանաւանդ քաղաքական կուսակցութեանց համերաշխ եւ համագործակ-ցութեան ոգին, որ մեծ դեր խաղաց այս հերոսամարտի մէջ: Մայքըլ Սօսիկեանի այս իրապէս խղճամիտ եւ խիստ շահեկան ելոյթը արժանացաւ ներկաներու երկարատեւ ծափահարութեանց:
Ձեռնարկի երկրորդ բանախօսն էր Նիւ Եորքէն հրաւիրուած, ծանօթ մտաւորական, հասարակական գործիչ, Համազգայինի Արեւելեան Շրջանի ղեկավարներէն, դերասան, գիրքերու հեղինակ Տօքթ. Հրանդ Մարգարեան:
Տօքթ. Մարգարեան անգլերէնով, ապա հայերէնով, սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց Վանի պատմականը, ունեցած նախկին անունները, ինքնապաշտպանութեան անցեալի դրուագներէն պատառիկներ տալով հասաւ մինչեւ այս հերոսամարտը: Ժողովուրդը ծափահա-րութեամբ գնահատեց Տոքթ. Մարգարեանին ելոյթը:
Այս առիթով պատրաստուած էր յատուկ գրքոյկ մը որուն մէջ դրուած էին հոգեւոր, կուսակցական եւ միութենական մարմիններէ ստացուած նամակներ: Կարդացուեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ.ի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ Արամ Ա.ի Օրհնութեան Գիրերը:
Գործադրուեցաւ շատ ճոխ եւ հաճելի յայտագիր մը, որ տօնական իսկական մթնոլորտ մը ստեղծեց սրահէն ներս: Երկու քնքուշ եւ սրտաշարժ երգերով ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի Լիբանանի երաժշտանոցէն շրջանաւարտ, անուանի սոփրանօ Արտա Ռումեան-Սօսիկեան՝ »Տլէ եա-ման« եւ »Երգիր ինձ համար« երգերը երգելով, որոնք խռովեցին ներկայ հասարակութեան հոգիները, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Նորա Ռումեան-Պայրամեանի: Ելոյթ ունեցաւ »Համազգային«ի աննման պարախումբը, ղեկավարութեամբ պարուսոյցներ Սիւզի Դարբինեանի եւ Եղիա Հաշոլեանի, ինչպէս նաեւ գաղութիս Լիլիա Մարգարեանի պատանեկան պարախումբը: Երկու խումբերն ալ իրենց հայաբոյր ու խրոխտ պարերով հմայեցին ներկաները, արժանանալով ժողովուրդին խելայեղ եւ յոտընկայս ծափահարութեանց:
Ժողովուրդը մեծագոյն հաճոյքով ունկնդրեց ասմունքի մեծ վարպետ՝ Նունէ Աւետիսեանի երեք կտորները, որոնք արժանացան ժողովուրդի պոռթկացող »պրաօ«ներուն:
Վերջաւորութեան »Համազգային«ի Սայաթ-Նովա երգչախոմբը, ղեկավարութեամբ եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Նորա Ռումեան-Պայրամեանի չորս երգեր երգելով տրամադրութիւնները գագաթնակէտին հասցուց, սրահէն ներս հայրենասիրական եւ ազգասիրական ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծելով:
Ժողովուրդի խելայեղ եւ ջերմ ծափահարութիւններուն հիման վրայ երգչախումբը երկու երգ եւս երգելով, խորապէս գոհ ձգեց ներ-կաները, որ դժուարաւ բաժնուեցաւ սրահէն:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք այս տօնակատարութիւնը կազմակերպող Վասպուրական Հայրենակցական Միութեան բոլոր պատա-խանատուները: Այդ օր Վասպուրականի նահատակներուն ոգին կը սաւառնէր այդ սրահէն ներս, օրհնելով հայ ժողովուրդ որ գիտէ գնա-հատել եւ արժեւորել այդ հերոսներուն գործը:
Վասպուրականի հերոսամարտի մեծագոյն յաղթանակը եղաւ, որ մեր ժողովուրդի փրկութեան, պաշտպանութեան զոհողութիւնները ի զուր չանցան, այլ բազմահազար վանեցիներ Հայաստան տեղափոխուելով, իրենց քրտինքով եւ աշխատանքով, իրենց նպաստը բերին վերջ-նականապէս փրկուած, ապահով ու անկաշկանդ իր փայլուն ճակա-տագիրին տէր եղող մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ անոր յաւիտենական հայրենիքին՝ Հայաստանին:
Բիւր յարգանք Վանի հերոսամարտի նահատակներուն յիշատակին: