Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Հարիւրամեակի Հունձքով 29 Շրջանաւարտներ Եւս Կ‏՛աւելնան Պէյրութի Ս.Խաչ-Հարպոյեանի Ուռճացող Փաղանգին

Ուրբաթ, 15 Մայիս 2015-ի երեկոյեան, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսը, նախագահութեամբ Լիբանանի Կաթողիկէ Անգլիախօս Վարժարաններու Ընդհանուր Համակարգող՝ հայր Կապրիէլ Թապէթի: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչ՝ Պրն. Դաւիթ Միրզախանեանը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Ոգեկոչման Լիբանանի Կեդրոնական մարմնի ատենապետուհի՝ Տիկ. Սեդա Խտըշեանը, գերապատիւ հոգեւոր հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, հիւրեր, ծնողներ, հարազատներ ու բարեկամներ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ շրջանաւարտներու մուտքով, իրենց հօր ընկերակցութեամբ: Յայտագիրը կ’ընդգրկէր չորս լեզուներով արտասանուած ուղերձներ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած տեսերիզի ցուցադրութիւն՝ «Յիշիր» երգով, շրջանաւարտներու պար՝ «Քոչարի»: Արինա Թէփիրճեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Քիչ Ենք, Բայց Հայ Ենք» բանաստեղծութիւնը, ներկայացուեցաւ նաեւ նուագ՝ «Մուշ», Էլի Ուաննուսի, Յակոբ Բամպուքեանի եւ Նարինէ Քէշիշեանի կատարողութեամբ, խմբերգ՝ «Հայ-Հայ»,  ինչպէս նաեւ «Մամա» երգը, որուն աւարտին անոնք նուռէ զարդեր նուիրեցին իրենց թանկագին մօր:

Հայերէն ուղերձով՝ Կարպիս Նագգաշեան, արաբերէնով՝ Սալբի Կանիմեան, անգլերէնով՝ Բերլա Գանթարճեան, եւ ‎ֆրանսերէնով՝ Նշան Նորաշխարեան գեղեցկագոյն յիշատակներով հրաժեշտ տուին իրենց երկրորդ տան, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց երախտաշատ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, տնօրէնութեան եւ իրենց նեցուկ կանգնած ծնողներուն: Անոնք նաեւ շեշտեցին հայ վարժարան յաճախած ըլլալու հպարտութիւնը, որ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ եւ միշտ, ապացոյց է որ «ցեղասպանը չկրցաւ իր երազը իրագործել, որն էր մեզ սպաննել ‎ֆիզիքապէս եւ մտապէս, որովհետեւ որպէս ազգ եւ որպէս աշակերտներ մեր ձգտումները կարելի չէ կասեցնել կամ սահմանափակել մարդկութեան դէմ ոճիր գործածներու նենգ նկրտումներով», նշեցին անոնք:

Հայր Կապրիէլ Թապէթ
Հայր Կապրիէլ Թապէթ

Օրուան նախագահ՝ հայր Կապրիէլ Թապէթ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ «ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակները կարծես ժպտալով կ‏՛օրհնեն այսօրուան հանդէսն ու շրջանաւարտները, որովհետեւ իրենց նահատակութիւնը ի զուր չեղաւ, իրենց զոհաբերութիւնը արդիւնաւորուեցաւ, եւ ոխի գիշերուան մէջ իրենց քալած ուղին վերջ չգտաւ խաչին քով, այլ՝ յարութեան ապառաժին մօտ»: Հայր Թապէթ կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն՝ յիշելու, որ իրենք ունին փառաւոր պատմութիւն մը, որ կ‏՛երկարի Հայաստանի սիրտէն մինչեւ Լիբանանի գիրկը, եւ թէ իրենցմէ շատ բան խնդրուած է այս առումով, որովհետեւ իրենք շատ բան տուած ու զոհած են:

Յայտագրի ընթացքին, շրջանաւարտներ Սալբի Կանիմեան եւ Վերա Պոզոյեան վարժարանին վահանը յանձնեցին 11-րդ դասարանի երկու աշակերտներու՝ Ճոյս Մալտոսեանի եւ Մարիանա Վարդանեանի, որպէսզի գալիք սերունդը շարունակէ վարժարանին գոյերթը:

Վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան իր փոխանցած խօսքին մէջ նշեց, թէ մեր ազգային հաւաքական գոյութեամբ կու գանք Թալաաթի ժառանգորդներուն ըսելու, թէ իրենք ձախողեցան, որովհետեւ միայն մեր մարմինները սպաննեցին ու չկրցան մեռցնել մեր ազգային ոգին, որովհետեւ մենք կեանքը եւ ոչ թէ մահը սիրող ազգ ենք, եւ կը նահատակուինք՝ մերժելով նուաստանալ ու ենթակայ ըլլալ:

Ան աւելցուց, թէ 2015 թուականը իր յատուկ յատկանշական նաեւ նաեւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանին կրթական նուաճումներուն մակարդակով, որովհետեւ Ուսումնական Յատուկ Կարիքներ Ունեցող Աշակերտներու բաժանմունքին եւ Ամերիկեան Ծրագրի բաժանմունքին մեկնարկման զուգահեռ վարժարանը ունեցաւ նաեւ արուեստից բաժանմունքի աւարտական՝ BT3 բաժանմունքը, որուն առաջին հունձքը մեծ ուրախութեամբ կը քաղենք այս հանդիսութեան ընթացքին: Տիկ. Պոյաճեան շեշտը դնելով հայ ազգի գոյատեւման երաշխիքը հանդիսացող հայ դպրոցի դերին ու կարեւորութեան վրայ, ըսաւ, թէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան հայաշունչ դարբնոցին մէջ հայ աշակերտը կը զինուի անհրաժեշտ գիտութիւններով, անոր ճակատը կը զարդարուի յաջողութեան պսակով, եւ անոր մէջ կը կոփուի ազգային պատկանելիութեան ոգին ու կը կերտուի անոր հայու նկարագիրը:

Վկայականներու բաշխման ժամանակ տնօրէնութիւնը գնահատանքի յուշանուէրով մը պարգեւատրեց վարժարանիս գերազանց աշակերտուհի՝ շրջանաւարտ Սալբի Կանիմեանը: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աւարտական դասարանի լաւագոյն երեք միջիններ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրումը՝ «Յարութիւն եւ Արաքսի Պոյաճեան» Ֆոնտին կողմէ, ձեռամբ Պրն. Շահէ Պոյաճեանի:

Յայտագիրը վերջ գտաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գերապատիւ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի փակման աղօթքով:

Հանդիսութեան աւարտին, շրջանաւարտները ուղղուեցան դէպի դպրոցին շրջափակ, ուր վարժարանիս երգի ուսուցչուհի Տիկ. Սոնիկ Բամպուքեան կատարեց Քրիսթինէ Պէպէլեանի «Շնորհաւոր» երգին կատարողութիւնը: Ընթացաւարտ աշակերտները շնորհաւորութիւններ ընդունեցին, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ հրավառութիւն:

Լրատուական Մարմին

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի

8 (2)226 (1)

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին