Յարգարժան խմբագրութիւն <Զարթօնք> օրաթերթի, Պէյրութ,
Սիրելի պատասխանատու խմբագիր Պր. Սեւակ Յակոբեան,
Մեծ գոհունակութեամբ կարդացի <Զարթօնք>ի արաբերէն բացառիկ թիւը` Մեծ Եղեռնի 100-րդ եւ Լիբանանի Նահատակաց 99-րդ տարելիցներուն առթիւ: Կարեւոր էին մանաւանդ երկու հաւասարակշիռ մօտեցումները բովանդակած նիւթերուն մէջ. առաջինը` հայ եւ լիբանանցի արաբ հեղինակներու գրեթէ հաւասար թիւը, եւ երկրորդը` լիբանանեան քաղաքական տարբեր, նոյնիսկ հակառակորդ կողմերու եւ անոնց ղեկավար գործիչներու կարծիքներուն մէկտեղումը <Զարթօնք>ի էջերուն մէջ: Այս թիւին մէջ նոյնիսկ նորութիւններ կային ինծի համար, օրինակ` արիւնախում Ճեմալ փաշայի խժդժութեանց զոհ լիբանանցի առաջին նահատակին` քահանային մասին նիւթը: Նիւթերու ընկալման մեծապէս կ’օգնէր լուսանկարներու առատութիւնը: Եւ այս բոլորը` պատշաճ, նիւթերուն փոխանցած խորհուրդին համահունչ ձեւաւորումով:
Շատ պիտի ուզէի, որ <Զարթօնք>ի արաբերէն նման բացառիկները աւելի յաճախ լոյս տեսնէին, թէկուզ ի հաշիւ անգլերէն յաւելուածներուն, որոնք, կը կարծեմ, թէ լիբանանեան հասարակութեան քով նուազ ազդեցութիւն կ’ունենան, քան արաբերէն հրատարակութիւնները:
Պիտի փափաքէի նաեւ, որ Ձեր առաջնորդող գրութեան մէջ հայոց ներկայացումը իբրեւ <Օսմանեան Պետութեան մէջ հաստատուած փոքրամասնութիւններէն մէկը>, այն տպաւորութիւնը չստեղծէր արաբ ընթերցողին քով, որ հայերը իբր եկուոր եղած են այդ պետութեան մէջ, մինչդեռ, ինչպէս բոլորս գիտենք, մեր ազգը մեր հայրենիքի տարածքներուն բնիկ հանրոյթն է, միւսներն են եկուոր: Այս մտահոգութիւնը կը յայտնեմ նաեւ այն պատճառով, որ ոչ միայն թրքական ու անոր հոգեղբայր ատրպէյճանական, այլեւ քրտական <պատմագիտութեան> մէջ կը սփռուի ահաւոր սուտը, թէ հայերը եկուոր են այսպէս կոչուած Արեւելեան Անատոլուի – Քիւրտիսթանի մէջ: Օրինակ, Հաուքար Թաուֆիքի <Քիւրտերը Եւ Հայկական Հարցը 1877-1920> գիրքին մէջ – որուն մերկացումը կատարեց թերթիդ յարգարժան աշխատակից Յովսէփ Արթինեանը` մեր ուշադրութիւնը հրաւիրելով այս զազրագրութեան վրայ – հայերը կը ներկայացուին իբրեւ մեր հայրենիքի այդ հատուածին` Հայաստանի արեւմտեան մասին մէջ … եկուորներ: Հետեւաբար, կը խնդրեմ, որ ուրիշ պարագաներու, նման տեղեկութիւնները ներկայացուին աւելի յստակ կերպով, այլ մեկնաբանութիւնները բացառող շարադրանքով:
Անգամ մը եւս կը յայտնեմ իմ հիացումն ու շնորհակալութիւնը <Զարթօնք>ի 6 Մայիս 2015-ի արաբերէն յաւելուածին առթիւ` մաղթելով Ձեզի ամէն լաւն ու բարին:
Յարգանքներով`
ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
Երեւան, 8 Մայիս 2015