Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներուն մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատուիրակութենէն անդամներ գլխաւորութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Մայք Խարապեանին հանդիպեցան ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկերներ Վարդան Ուզունեան եւ Լեւոն Պըլքեան:
Հանդիպման ընթացքին ՌԱԿ-ի ընկերները բարձր գնահատեցին Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով կազմակերպուած բոլոր միջոցառումները և վստահութիւն յայտնեցին, որ անոնք խթան կը հանդիսանան համայն հայութեան համախմբման ու համազգային նոր ձեռքբերումներու:
ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները նախարարին փոխանցեցին նաեւ Լոնտոնի մէջ իրականացուած եւ յառաջիկային իրականացուելիք ծրագիրներու ու միջոցառումներու մասին մանրամասնութիւններ:
Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուող այլ հարցեր:
Սփիւռքի նախարարը գոհունակութիւն յայտնեց ՌԱԿ-ի հայանպաստ գործունէութեան համար և յոյս յայտնեց, որ յետայսու ևս կը շարունակուի արդիւնավետ համագործակցութիւնը: