Հովանաւորութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնին եւ կազմակերպութեամբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Հայ Իրաւանց Խորուրդի Լիբանանի Յանձնախումբը գործակցութեամբ ՌԱԿ Ուսանողաց Մ. Փորթուգալեան եւ ՌԱԿ Երիտասարդաց Մ. Նաթանեան ակումբներուն ՙRIDE to REMEMBER՚ խորագրով հեծանիւերով արշաւ մը կազմակերպուեցաւ Պէյրութի փողոցներուն մէջ:
Իր ձեւին մէջ իւրայատուկ այս ձեռնարկը, որ կը նպատակադրէր յատուկ ոճով մը հանրութեան ուշադրութեան յանձնել Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, անոր 100-ամեակը յիշատակելով զուտ հայկական շրջանակէ դուրս եւս, առիթը տալով եւ քաջալերելով նաեւ ոչ-հայ մասնակիցներու միասնաբար յիշատակելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցը` տեղի ունեցաւ Կիրակի, 26 Ապրիլ 2015ին:
Արդարեւ Կիրակի առաւօտեան կանուխ ժամերէն Պէյրութի ծովափին վրայ գտնուող ՙBeirut By Bike՚ի վայրը փութացած աւելի քան 200 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ մասնակցեցան այս իւրայատուկ ձեռնարկին:
Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ: