Երեքշաբթի 28 Ապրիլ 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 1-ին Ստեփանակերտի իր ապարանքին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղը եւ սփիւռքահայութիւնը յուզող հարցեր: Արժեւորուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առնչուող միջոցառումներուն արդիւնքները:
Ընկեր Խարապեան նախագահին հետ խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն հիմնելու կարելիութիւններու մասին, զայն նկատելով անհրաժեշտ սփիւռքահայութիւնը եւ ի մասնաւորի աշխարհատարած ՌԱԿ-ի շարքերը աւելի եւս կապելու Լեռնային Ղարաբաղին:
Արծարծուեցան Լեռնային Ղարաբաղի ապահովութեան եւ տնտեսական զարգացման վերաբերող կենսահարցեր, մանաւանդ Արցախի մէջ երկրագործական ծրագիրներու թափ տալու եւ այս ծիրէն ներս սփիւռքահայութիւնը ներգրաւելու կարեւորութիւնը:
Ընկեր Խարապեան շեշտեց, թէ Հայաստանի կողքին Լեռնային Ղարաբաղը ունի իր զգացական յատուկ իմաստը իւրաքանչիւր սփիւռքահայու սրտին եւ հոգիին մէջ: