Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Ի Պատասխան Քարիմ Բագրատունիին՝ Սիւննին Չէ Որ Ջարդեց Հայ Ժողովուրդը, Այլ՝ Թուրքը

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Sevag Hagopian

Երեքշաբթի երեկոյեան լիբանանեան «OTV» հեռատեսիլի կայանի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած մէկ ծրագրէն հանդէս գալով, նախկին նախարար Քարիմ Բագրատունի չափազանց վտանգաւոր արտայայտութիւն մը ունեցաւ ըսելով. «…Սիւննին 100 տարի առաջ ջարդեց մեզի (քրիստոնեաները): Այսօր՝ դարձեալ Սիւննին է, որ կը ջարդէ մեզի…»:

Մեր կարծիքով հայանուն Պրն. Բագրատունին իր այս արտայայտութեամբ ո՛չ միայն օգտակար չըլլար հայ ժողովուրդին, այլ անսահման վնաս կը հասցնէ եռացող այս շրջանին մէջ ապրող հայ ժողովուրդի զաւակներու գոյատեւման:

Պիտի չուզէինք վերլուծել Պրն. Բագրատունիի վերոյիշեալ անպատասխանատու եւ վնասակար յայտարարութիւնը, սակայն կը հաւատանք, որ քաղաքական տգիտութեան արդիւնք կամ զուտ զգացական յայտարարութիւն մը չէր եղածը, այլ՝ տուրք մը թերեւս տրուած իր անձին պատկանած Սուրիա-Իրան համակարգին եւ ամբողջացումը այդ ճակատէն արձակուած նմանօրինակ լոզունգներու, մինչ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պարզապէս իր կողմէ շահագործուած ատաղձ էր պարզապէս:

Մեզի կը մնայ հանրային կարծիքին յիշեցնել, թէ Օսմանեան պետութեան արաբ ժողովուրդին հասցուցած վնասը շատ բան չի զիջիր՝ Օսմանեան կայսութեան մէջ ապրող փոքրամասնութիւններու հասցուցած վնասին, վկայ՝ Պէյրութի նահատակաց հրապարակը: Վկայ՝ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Ճեմալ փաշայի կողմէ կախաղան բարձրացուած քրիստոնեայ եւ իսլամ (սիւննի) նահատակ մտաւորականները…:

Իսկ Պրն. Բագրատունիին մենք կ’ըսենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն արաբ ասպնջական ժողովուրդը իր բոլոր համայնքներով օգնութեան ձեռք երկարեց տեղահանուած Հայ ժողովուրդին, իսկ սիւննի պետեւիներ եւ ցեղախումբեր փրկեցին մեծ թիւով հայորդիներ Սուրիոյ անապատներէն մինչեւ Յորդանան… վկայ՝ օսմանեան կայսրութեան դէմ արաբական ապստամբութեան ռահվիրա Մեքքայի Շերիֆ Հիւսէյնի 1917-ին արձակաց կոչը իրեն հպատակ արաբ իշխաններուն եւ ցեղախումբերու պետերուն՝ ապաստան տալու եւ կեանքը փրկելու իրենց շրջաններուն մէջ գտնուող հայ ժողովուրդի զաւակներուն:

Աւարտին՝ կը մնայ հաստատել մօտիկին ու հեռուին, թէ սիւննին չէ՛, որ հարիւրամեակ մը առաջ ջարդեց հայ ժողովուրդը, այլ՝ թուրքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին