Ուրբաթ, 08. 12. 2023

spot_img

Հռոմի Պապը Խօսեցաւ 20-րդ Դարու Առաջին Ցեղասպանութեան Մասին Եւ Կատարեց Գրիգոր Նարեկացիի Վարդապետացման Կարգ

Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցին նուիրուած պատարագի իր քարոզին մէջ Հռոմի Ֆանսիս պապը արտասանեց «ցեղասպանութիւն» բառը` Հայոց Մեծ եղեռնը համարելով 20-­րդ դարի առաջին ցեղասպանութիւն:

Ան խօսեցաի նաեւ անկէ ետք տեղ գտած այլ ցեղասպանութիւններու մասին` յիշատակելով Ռուանտան: Հռոմի պապը ողջունեց պատարագին ներկայ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Հայ կաթողիկէ պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ.-­ին:

Ան խօսեցաւ նաեւ հայերու հարուստ մշակութային ժառանգութեան մասին` նշելով երաժշտութեան, ճարտարապետութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ անոր ձգած անջնջելի հետքը:

Ինչպէս այս պահուն Հռոմէն կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-­ի թղթակիցը, պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի վարդապետացման կարգ: Հնչեց լատիներէն ֆորմուլան եւ Նարեկացին յայտարարուեցաւ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ:

Յիշեցնենք, որ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պատարագը պատմական է. առաջին անգամ Հռոմի պապը պատարագ կը մատուցանէ` յիշատակելով ցեղասպանութիւնը: Մինչ այժմ եղած են միայն աղօթքներ տարբեր ցեղասպանութիւններու զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար, բայց պատարագ դեռ չէր մատուցուած: Յատկանշական է, որ պատարագը նախաձեռնած է անձամբ Հռոմի Ֆրանսիս պապը: Սուրբ Պետոսի տաճարին մէջ հաւաքուած են պատուիրակութիւններ տարբեր ցամաքամասերու երկիրներու հայկական համայքներէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին