Սիրելի Վահագն, իմ աւագ ընկերս, ամուսինս, զաւակներուս հայրը, բարիութեան, մարդասիրութեան, հայրենասիրութեան, եւ ճշմարտութեան ռահվիրան: Քու մասիդ, անցեալով խօսիլ, ըսել է վիրաւորել յիշատակդ:
Դուն միշտ ներկայ ես, քու ըրած լաւ եւ անմառ գործերովդ: Դուն կաս ու պիտի ապրիս քու երեք զաւակներուդ Թամարին, Կարէնին եւ Սեզային ընդմէջէն, որոնք երդուեցան շարունակել կիսատ ձգած գործերդ եւ բազում անկատար երազներդ: Ես կը հաւատամ անոնց տուած խոստումին:
Այսօր՝ Ապրիլ 24ի նախաշեմին, եղեռնի 100 ամեակի յիշատակի ձեռնարկներուն այնքան կը սպասէիր, յոյսով որ քու ալ անիրաւուած դատդ իր լրումին կը հասնի: Սակայն դժբախտաբար սիրտդ չդիմացաւ:
Ով էիր դուն իրականութեան մէջ: Ծնած էիր 1944 թուականին Լիբանանի քրիստոնէաբնակ Զահլէ քաղաքը: Եղեռնի առաջին սերունդի, Ատանայէն եւ Էվերէկէն մազապուրծ բռնագաղթած ազնուական եւ առաքինի ծնողներու ՝ Աւետիս եւ Արմենուհի Քիրիշճեաններու յարկին տակ: Մանկութենէն սնուած էիր կորուսեալ հայրենիքի քու մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու պատմութիւններով: Ապրած էիր գաղթական ընտանիքի դառն աշխատանքով մէջտեղ գալու ողջ դժուարութիւնները: Հեռուէն պաշտած էիր քու անծանօթ հայրենիքդ, որ քու ողջ կեանքիդ նուիրական երազը մնացած էր:
Ըլլալով Քիրիշճեան, Թուխթարեան եւ Գոճապապեան ընտանիքներու արժանի ժառանգորդը, ամէն բանէ վեր, երբեմն քու անձնականէդ վեր դասած էիր քու հայրենիքդ:
Ունէիր հաւատքը կանգնելու քու այնքան պաշտած հայրենիքին ծառայած եւ ծառայող ավանդական Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան կողքին, դեռ վաղ երիտասարդ տարիքէդ:
Այս քո տեսլականն ու հաւատամքն էր, միշտ յարգելով եւ փոխադարձ յարգուելով երկու այլ ավանդական կուսակցութիւններու կողմէ: Ամբողջ կեանքդ ծառայեցիր եւ մինչեւ վերջին շունչդ, նոյնիսկ եթէ ոչ գործնական, ապա իմաստուն խորհուրդներովդ եւ ուժերուդ ներածին համեմատ:
Ըլլալով չորրորդ եւ վերջին զաւակը ընտանիքի մը որ վաղ տարիքէն որբացաւ, կանգնեցար մօրդ, քրոջդ եւ աւագ եղբայներուդ կողքին, նետուեցար կեանքի ասպարէզ, ընտրելով գերդաստանին բնորոշ դերձակութեան արհեստը: Հիմնեցիր AVITEX կարի ձեռնարկութիւնը նախ Զահլէ եւ ապա փոխադրելով զայն Տորա-Պէյրութ: Անունի եւ դիրքի տիրացար քրտնաջան աշխատանքիդ շնորհիւ:
Դուն քու ունեցածէդ աւելին տուիր շուրջիններուդ եւ մայր հայրենիքին, որուն սիրահարն էիր ողջ կեանքիդ ընթացքին: Համոզուած էիր որ մայր հայրենիքի Ջերմուկ անմահական ջուրն ալ, Լիբանան ապրող հայրենիքին կարօտ մնացած հայութիւնը պէտք է խմէ ու պարծենայ անոր համով: Այդ պատճառով իսկ 20 տարիներ առաջ սկսար ներածել զայն Լիբանան ու բնիկ Լիբանանցի ժողովուրդին ալ ներկայացուցիր քու հայրենիքիդ ջուրը:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, ծառայեցար միջկուսակցական մարմնի մէջ, քու գործնական աշխատանքով եւ խորհուրդներով օգնեցիր լիբանանահայութեան: 1991 թուականին, Հայաստանի անկախութեան հանրաքուէի ժամանակ, ՌԱԿի կողմէ դիտորդ որպէս ներկայ էիր հայրենիքի անկախութեան առաջին քայլերուն: Դուն քու ներդրումդ բերիր հայապահպանման վեհ աշխատանքին:
Եղար օրինակելի ընկեր, հայր եւ ամուսին, պատուասէր հայ հօր օրինակ:
Թող ճամբադ ըլլայ հեշտ եւ յիշատակդ անմահ, սիրելի Վահագն:
«Կեանքէն ինծի ինչ մնաց, ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ, ա՛յն միայն»:
Սիրով,
Ծովիկ Նաճարեան-Քիրիշճեան