Ապրիլ 8-ին Երեւան ժամանեց Քիմ Քարտաշեանը` քրոջ Քլոէ Քարտաշեանի եւ ամուսինին` ռափ երգիչ Քանյէ Ուեսթի եւ դստեր հետ: Անոնք օդակայանին մէջ դիմաւորուեցան աղ ու հացով:
Քարտաշեան ընտանիքի Հայաստան այցելութիւնը կազմակերպուած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի (ՀԶՀ) եւ «SIMA Tours USA» ընկերութեան ջանքերով` ՀՀ տնետսութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:
Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արման Խաչատուրեանը Panorama.am-ին յայտնած է, որ Քարտաշեան ընտանիքի անդամներուն այցելութիւնը պէտք է դիտարկել որպէս ընտանեկան ուխտագնացութիւն դէպի նախնեաց երկիր, որ «միայն եւ բացառապէս դրական գնահատանքի արժանի է»:
ՀԶՀ տնօրէնի բացատրութեամբ` նոյնիսկ երեք-չորս սերունդ ետք հայկական սփիւռքը մնաց կուռ եւ ամուր, հայկական արմատներ ունեցող աշխարհահռչակ հայրենակիցները հետեւողական կերպով ու անխոնջ աշխատանքով դարձան յաջողակ եւ ազդեցիկ մարդիկ, պահանջատէր ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդարութեան գործին, իսկ Հայաստանը անոնց համար դարձաւ «հպարտութեան եւ ոգեշնչման անսպառ աղբիւր»:
Կը պարզուի` այս առումով, ՀԶՀ-ն նպատակ ունի շարունակաբար Հայաստան հրաւիրել «ծագումով հայ ճանչցուած մարդիկ»` նպաստելով վերջիններուս «կապի ամրապնդման հայրենիքին հետ»:
Բրիտանական The Daily Mail պարբերականը, նախապէս անդրադառնալով պատմական հայրենիք անոր ուղեւորութեան, գրած էր, որ Քիմ Քարտաշեան կը վերադառնայ իր արմատներուն»:
Պարբերականը նշած էր, որ Քարտաշեաններու ընտանիքը կ՛ուղեւորուի Հայաստան` մասնակցելու Օսմանեան կայսրութիւն ժամանակ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն: