Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Ֆրանսական Ամսագիրը Ծաւալուն Յօդուածով Անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմային

Ֆրանսական հեղինակաւոր «Le Figaro» պարբերականի «Histoire» ամսագիրի ապրիլեան համարին մէջ հրապարակուած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ծաւալուն յօդուած մը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:

«Հայաստան. մոռցուած ցեղասպանութիւն» վերնագիրով յօդուածը, որ հեղինակած է ֆրանսահայ պատմաբան Միքայէլ Նիշանեան, մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ցեղասպանութեան ժամանակագրութիւնը, ատոր նախորդող համիտեան ջարդերը եւ ցեղասպանութեան հիմքին մէջ ինկած թուրք ազգայնական գաղափարախօսութեան յառաջխաղացումը: Յօդուածի «Մէկդարեայ ժխտողականութիւն» բաժինին մէջ առանձին անդրադարձ կը կատարուի Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդած եւ ներկայիս շարունակուող թրքական իշխանութիւններու ժխտողականութեան քաղաքականութեան` իբրեւ ատոր ցայտուն օրինակ նշելով Կալիպոլիի ճակատամարտի հարիւրամեակի օրուան փոփոխութիւնը, որ սակայն, ըստ հեղինակին, հակառակ թուրք ղեկավարութեան սպասելիքներուն, արդիւնք չտուաւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու հարցին մէջ: Ամսագիրի էջերուն վրայ զուգահեռաբար ներկայացուած են Ֆրանսայի մէջ վերջին ամիսներուն Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով հրատարակուած բազմաթիւ աշխատութիւնները եւ Ապրիլին կայանալիք խոշոր ցուցադրութիւնները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին