Ուրբաթ, 4 Ապրիլ 2015-ին Հայաստանի Կոտայք մարզի Աղուերանի շրջանին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ արեւմտահայերէն ուիքիփետիայի համակարգումի աշխատանքային դասընթացքներու շարքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանէն ժամանած ուսուցիչներ ու լրագրողներ :
Բացման նիստին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ հայերէն ուիքիփետիայի գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ՝ Սուսաննա Մկրտչեան: Ան ողջունելէ ետք մասնակիցները, նշեց որ համատեղ գործակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ համախմբել Հայաստանի եւ Սփիւռքի կառոյցներու եւ անհատներու ներուժը: Ան անդրադարձաւ ու շեշտեց արեւմտահայերէն ուիքիփետիա ծրագրի կարեւորութիւնը, որովհետեւ ըստ որոշ տուեալներու արեւմտահայերէնը յայտնուած է մեռնող լեզուներու շարքին, իսկ վիքիփետիան այն հարթակն է, որ հնարաւութիւն ունի լեզուն պահպանելու ու փրկելու կորուստէ:
Սուսաննա Մկրտչեան յայտնեց նաեւ, որ այս դասընթացքը առիթ պիտի տայ պատրաստելու արեւմտահայերէն ուիքիփետիա համակարգողներ, որոնք իրենց հերթին պիտի շարունակեն աշխատանքը Լիբանանի մէջ:
Նիստին ներկայ եղան նաեւ արեւելահայերէն ուիքփետիայի խմբագիրները, որոնք ներկայացուցին իրենց աշխատանքային փորձառութիւնը այս ծիրին մէջ:
Այս աշխատանքային դասընթացքներու տեւողութեան մասնակիցները առիթ պիտի ունենան փորձառու ուիքի խմբագիրներէն եւ մասնագէտներէն ծանօթանալու աշխատանքի սկզբունքներուն, սորվելու աշխատելաձեւը եւ հմտանալու ուիքիի աշխատանքի արհեստավարժութեան:
Հարկ է նշել, որ արեւմտահայերէն ուիքիփետիա ծրագիրը սկսած է 2014-ին Գ. Կիւլպէնկեան հիմնադրամի հովանաւութեամբ եւ նպատակ ունի արեւմտահայերէն ուիքիփիտիան զարգացնել եւ օժտել որակաւոր յօդուածներով: Այս աշխատանքը առաջ տանելու համար ճամբարներ պիտի կազմակերպուին Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ, որոնց պիտի մասնակցին նաեւ Լիբանանէն աշակերտներ ու համակարգողներ: