Հ.Բ.Ը.Մ-Հ.Ե.Ը-ի ընտանիքին համար, ճատրակը համեմատաբար նոր մարզաձեւ մը ըլլալով հանդերձ, Անդրանիկ – Անթիլիաս մարզական միութեան խումբը արդէն իսկ պատկառելի ներկայութիւն մը դարձած է ճատրակի լիբանանեան քարտէսին վրայ:
Հինգշաբթի, 25 Մարտ, երեկոյեան ժամը 8-ին, Հ.Բ.Ը.Մ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, Անդրանիկ -Անթիլիասի ճատրակի յանձնախումբը պաշտօնապէս ներկայացուց 2015-16 մարզական տարեշրջանին, Ա. դասակարգի ներկայացուցչական կազմին մարզիկները:
Յանուն Հ.Ե.Ը. Անթիլիասի ճատրակի յանձնախումբին, պրն. Տիգրան Զէյթեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց ճատրակի խումբին խմբապետ Ռոլան Ախրասը, որպէսզի աւելի մօտէն ներկայացնէ ճատրակի խումբին գործունէութիւնը: Խմբապետը յայտնեց, թէ Անդրանիկ- Անթիլիաս մասնաճիւղին մէջ ճատրակի մարզաձեւը սկսած է պատանիներու միջեւ մրցաշարքներով: Յետագային, Անդրանիկ – Անթիլիաս անդամակցած է ճատրակի Լիբանանի ֆետերասիոնին եւ սկսած է մասնակցիլ Բ. Դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն: 2014-ին, Անդրանիկ- Անթիլիասի ճատրակի խումբը բարձրացած է Առաջին դասակարգ: Ան շնորհաւորեց ճատրակի խումբին մարզիկները՝ անցեալ տարուան ախոյեանութեան մրցումներուն արձանագրած փայլուն արդիւնքներուն առիթով: Ան գնահատեց մարզիկներուն միջեւ եւ ընդհանրապէս խումբին մէջ տիրող ջերմ մթնոլորտը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ճատրակի յանձնախումբին՝ մարզիկներուն նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու եւ ցուցաբերուող հոգատարութեան համար:
Ռոլան Ախրաս, մէկ առ մէկ ծանօթացուց Հ.Ե.Ը Անդրանիկ- Անթիլիասի ճատրակի խումբին մարզիկները, միաժամանակ յայտարարեց ճատրակի խումբին նոր միացած մարզիկներուն անունները:
Այս առիթով, խմբապետը Ախրաս նշեց, թէ Հ.Ե.Ը Անդրանիկ-Անթիլիասի ճատրակի խումբը, 19 Ապրիլին պիտի մասնակցի արագ ճատրակի Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումներուն: Ան աւելցուց, թէ Լիբանանի խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն թուականը տակաւին չէ ճշդուած: Ան նաեւ նշեց, թէ Հ.Ե.Ը-ի ճատրակի յանձնախումբը եւ գործադիր մարմինը հետեւողական աշխատանք կը կատարեն՝ խումբը օժտելու որակաւոր մարզիկներով եւ եւ փորձառու մարզիչներով : Խօսելով այս տարուան նախապատրաստութիւններուն, Ախրաս յայտնեց, թէ Հ.Ե.Ը Անդրանիկ -Անթիլիասի կազմը մեծ հնարաւորութիւններ կը վայելէ՝ առաջին հնգեակին մէջ աւարտելու ախոյեանութիւնը:
Ապա խօսք առաւ Հ.Ե.Ը – Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի ատենապետ՝ տիար Վաչէ Աւետիքեան: Ան՝ մի առ մի շնորհաւորեց ճատրակի խումբին անդամները, ինչպէս նաեւ յանձնախումբին անդամները: Տիար Վաչէ Աւետիքեան նշեց, թէ ճատրակի խումբը կրնայ նոյնիսկ գրաւել առաջին եռեակի գլխաւոր դիրքերէն մէկը: Ան նաեւ շեշտեց,թէ միութիւնը պիտի չզլանայ ճատրակի միաւորին վերելքը սատարելու իր առաքելութեան մէջ: Ապա, տիար Վաչէ Աւետիքեան մարզիկներէն խնդրեց խօսիլ զիրենք յուզող հարցերու մասին եւ ներկայացնել առաջարկներ: Գնահատելի եւ շինիչ մթնոլորտի մէջ, ճատրակի խումբին անդամները յայտնեցին, թէ նախանձախնդիր կը մնան իրենց խումբին վերելքին եւ այս առիթով փոխանցեցին կարգ մը առաջարկներ:
Երեկոյի աւարտին, Հ.Ե.Ը–Անդրանիկ-Անթիլիասի ճատրակի խումբին Ա. դասակարգի մարզիկները, յանձնախումբի անդամներուն հետ միասնաբար վերցուցին յիշատակի նկար մը,որմէ ետք տեղի ունեցաւ յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն :
Ստորեւ, Հ.Ե.Ը-Անդրանիկ-Անթիլիաս ճատրակի Ա. Դասակարգի խումբին ներկայացուցչական կազմը.
Ռազմիկ Ուարաքեան, Յակոբ Ոսկերիչեան, Թիֆանի Զառնի, Եումնա Մախլուֆ, Ռոլան Ախրաս՝ խմբապետ, Անթուան Քասիս, Անթուան Թաամէ, Ալէն Հելու, Ճոնի Անթոնիոս, Միշէլ Քարամ, Հանրի Շիտիաք, Սերժ Ուարտ, Ճորճ Զըղէյպ, Նիքոլայ Լեճքի, Քարիմ Մունիր, Եուրի Ֆատէլ, Ռոյ Ալպայինօ: