Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Գարմէն Լապաքի «Զարթօնք»-ի Խմբագրատան Մէջ

Լիբանանցի ծանօթ բեմադրիչ եւ ֆիլմարտադրիչ, Հայ երկու զաւակներու մայր եւ Հայ ժողովուրդի բարեկամ, որուն ատենին ան նուիրած էր կարեւոր եւ անմոռանալի քանի մը ֆիլմեր, ինչպէս՝ «Անունս Արամ Է» եւ «Լիբանանահայեր»,  Գարմէն Լապաքի այսօր լծուած է պատրաստելու Հայ ժողովուրդին նուիրուած նոր ֆիլմ մը՝ «Որովհետեւ Հայ Են» խորագրով, որուն գործադիր արտադրիչն է ան:

Պատիւը ունեցանք Գարմէն Լապաքին ընդունելու «Զարթօնք»-ի խմբագրատան մէջ, որուն հետ ունեցանք մտերմիկ եւ շահեկան զրոյց մը՝ տեղեկանալով իր նոր ծրագրին մասին:

Հայազգի ծանօթ դերասան եւ ֆիլմերու հեղինակ Գլոտիա Մարաշլեանի հեղինակութեամբ եւ լիբանանեան «Մարուա Կրուփ» ընկերութեան արտադրութեամբ, Գարմէն կ՛աշխատի յաջողցնել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած թէլէ-ֆիլմի մը նկարահանման պատրաստութիւնը:

Երեք բաժիններով ներկայացուելիք «Որովհետեւ Հայ Են» արաբերէն թէլէ-ֆիլմը, որ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ շարժանկարի ալ վերածուելու ծրագիրը կը հետապնդէ, խորհրդանշանակօրէն կը պատմէ 1915-ի Ծաղկազարդի օրը հայկական գիւղի մը եկեղեցին հաւաքուած Հայ ժողովուրդի զաւակներուն պատմութիւնը, ուր թուրք զինուորներ իրենց ձիերով խուժելով կը սկսին ջարդը գործադրել անմեղ ու խաղաղ ժողովուրդին վրայ: Ֆիլմը պիտի ներկայացնէ Հայ գիւղերուն տեղահանութիւնը ու ճանապարհին Հայ մայրերու եւ փոքրերու ապրած արհաւիրքները:

Լիբանանցի շարք մը դերասաններ ինչպէս Եուսէֆ Հատտատ եւ այլ հռչակաւոր հանրային դէմքեր պիտի մաս կազմեն այս ֆիլմին, որուն բեմադրիչ վերջերս նշնակուած է իրանեան ծագումով լիբանանցի համբաւաւոր բեմադրիչ՝ Ասատ Ֆուլատքար: Գարմէնէն նաեւ իմացանք, որ նկարահանումը շուտով պիտի սկսի Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ:

Այս ծրագրին յաջողութիւնը մեծ ճիգ եւ զոհողութիւն կը պահանջէ, որուն համար լիբանանահայութիւնը ո՛չ մէկ բան պէտք է խնայէ օգտակար հանդիսանալու արտադրող ընկերութեան եւ Գարմէն Լապաքիին, Հայ ժողովուրդին նուիրուած՝ օտար լեզուով ցուցադրուելիք այս շատ կարեւոր արտադրութեան յաջողութեան համար:

Տեղին է նշել, թէ Գարմէն Լապաքի ծրագիր ունի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով իր նախկին երկու ֆիլմերը վերարտադրել եւ տարածել տարբեր լեզուներով: Գարմէնին նախկին ֆիլմերուն արխիւային արժէքը նաեւ կը կայանայ այն դժբախտ իրականութեան վրայ, որ ֆիլմին մէջ նկարահանուած սուրիոյ մէջ գտնուող հայկական կարգ մը սրբավայրեր այսօր քանդուած են վերջերս հոն պատահած արհաւիրքներուն պատճառով:

Շնորհակալութիւն եւ յաջողութիւն Գարմէնին, իր բծախնդիր աշխատանքին համար, որ առիթ մը պիտի հանդիսանայ Հայոց Պատմութեան՝ Ցեղասպանութեան վերաբերող էջերուն աւելի եւս տարածումին եւ հասկցուելուն օտար հանրութեան կողմէ:

«Խմբ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին