Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս “Մարսէլ-Փրովանս-Հայաստան-2015” միութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Ապրիլ 25-ին Մարսէլի Բորսայի պալատի մէջ կը կազմակերպէ ֆրանս-հայկական գիրքի փառատօնը, որուն ժամանակ պիտի ներկայացուի աշխարհահռչակ հայ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուրի մասին պատմող Ռիչըրտ Ֆինդիկեանի «AZNAVOUR STORY 2015» կամ “Շառլ Ազնաւուրը Պրովանսի մէջ» եւ “100-րդ տարելիցի ձիթենին” ֆիլմերու ցուցադրումը, պիտի կազմակերպուին հայ նկարիչներու ցուցահանդէսներ, հանդիպում-քննարկումեր: Այս մասին կը յայտնէ “Հայերն Այսօր”-ը։
Ապրիլ ամսուն մարսէլի մէջ Սփիւռքի նախարարութիւնըպիտիը կազմակերպէ նաեւ “Վանայ ծովուն արշալոյսը” ֆիլմի ցուցադրութիւնը` բեմադրիչներու ներկայութեամբ, Յունիս 21-ին նախատեսուած է Նունէ Եսայեանի բարեգործական համերգը` “Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք” խորագիրով (Նունէ Եսայեանի բարեգործական համերգները պիտի կազմակերպուին նաեւ Կիպրոսի, Աթէնքի, Վիէննայի, Պելճիքայի եւ Հոլանտայի մէջ):
Հոկտեմբերին Մարսէյլի “Համազգային”-ի եւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հետ համատեղ պիտի կազմակերպուի Հայաստանի պարի պետական համոյթի համերգը: