Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

Շարլ Ազնաւուր Համերգ Պիտի Ունենայ Պասկերու Երկրին Մէջ

Ֆրանսական sudouest.fr կայքի փոխանցմամբ` համերգը պիտի կայանայ Մայիս 9-ին Սան Սեբաստիան քաղաքի «Կուրսաալ» սրահին մէջ:  Այս մասին  կը հաղորդէ «Արցախ փրես»-:

Ազնաւուր այնտեղ հանդէս պիտի գայ Սպանիոյ մէջ ելոյթ ունենալէ յետոյ: Մինչ այդ բեմի հեղինակաւոր երգիչը Մայիս 7-ին հանդէս կու գայ Մատրիտի Պարքլայքարդ կեդրոնին մէջ (Փալասիօ տէ Տեփորթես):

Նշանաւոր ֆրանսահայ շանսոնյէ, երգիչ, երգահան, դերասան եւ հասարակական գործիչ Շարլ Ազնաւուր ծնած է 1924 թուականի Մայիս 22-ին Փարիզ: Բազմաթիւ յայտնի գործերու հեղինակ եւ կատարող է: Վաճառուած է Ազնաւուրի ստեղծագործութիւնները ամփոփող շուրջ 100 միլիոն ձայնապնակ: 2009 թուականէն Ազնաւուր Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանն է, ինչպէս նաեւ Ժնեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչը: Հեղինակաւոր երգիչը նախորդ տարի տօնեց իր ծննդեան 90-րդ յոբելեանը, համերգներ ունեցաւ աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին