Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Բրիտանիա Չի Համարձակիր Հայկական Ողբերգութիւնը Իր Անունով Կոչելու. Ռապըրթ Ֆիսք

Բրիտանացի լրագրող Ռապըրթ Ֆիսք կը քննադատէ Թուրքիոյ եւ արեւմտեան որոշ կառավարութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը: Ելոյթ ունենալով Մարդու իրաւունքներու հարցերուն նուիրուած ժնեւեան միջազգային ժողովին եւ կինոփառատօնի ժամանակ` բրիտանացի լրագրողը, որ յայտնի է Ուսամա Պին Լատենի հետ երեք անգամ հարցազրոյց վարելու համար, անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան թեմային:

News.am-ը կը գրէ, ըստ զուիցերիական «Le Temps» պարբերականին, ան, մասնաւորապէս, յիշած է, թէ ինչպէս է Թուրքիոյ մէջ պտտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածի մը հետ, որ գտած է իր տունը: Իսկ տան դռները ընդմիշտ փակուած են: «Լեհաստանի մէջ հրեան, որուն Հոլոքոսթի ժամանակ թալանած են, կրնայ իր տունը ետ ստանալ: Իսկ Թուրքիոյ մէջ նման պարագաներու հայը ոչ մէկ իրաւունք ունի: Ինչո՞ւ»,- հարց տուած է լրագրողը:

Ռապըրթ Ֆիսք, որ շուրջ 40 տարի կը լուսաբանէ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները, ժամանակակից պատմութեան այդ էջը ուսումնասիրելու բազմաթիւ հնարաւորութիւններ ունեցած է: «Հայերու կոտորածը 20-րդ դարի առաջին ցեղասպանութիւնն էր:

«Անիկա նաեւ կապուած է երկրորդ` հրեաներու ցեղասպանութեան հետ, քանի որ գերմանացի որոշ մասնագէտներ թրքական բանակին մէջ ականատես եղած են այդ իրադարձութիւններուն, իսկ յետոյ յայտնուած են գերմանական բանակի շարքերը, որպէսզի նոյն չարագործութիւնը կատարեն Պելառուսիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ: Բայց այդ ցեղասպանութիւնը ոչ միայն կը հերքուի թրքական իշխանութիւններուն, այլեւ կ՛անտեսուի արեւմտեան կառավարութիւններուն կողմէ»,- նշած է ան:

«Ուինսթըն Չըրչիլ առանց տատանելու այդ ողբերգութիւնը ցեղասպանութիւն կը կոչէր: Սակայն տասնամեակներ անց Մեծ Բրիտանիոյ մէկ այլ վարչապետ` Թոնի Պլեր, հրաժարեցաւ այդ ընելէն:Ես կ՛ապրիմ Պէյրութ, քաղաք, որ 350 հազար հայերու տունն է: Ես բազմաթիւ ընկերներ ունիմ այդ համայնքին մէջ, որոնց տատերն ու պապերը Ցեղասպանութեան զոհ դարձած են: Իսկ իմ սեփական երկիրս չի համարձակիր այդ ողբերգութիւնը իր անունով կոչելու»,- կ՛աւելցնէ լրագրողը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին