Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Օպամայի “Հայոց Ցեղասպանութիւն” Արտայայտութեան Արտաբերումը Կրնայ Շատ Օգտակար Ըլլալ. Ամերիկացի Փորձագէտ

Քոլոմպիայի համալսարանի Մարդու իրաւունքներու ամպիոնի դասախօս, ամերիկացի յայտնի քաղաքագէտ-վերլուծաբան Տէյվիտ Ֆիլիփսը թրքական “Todayzaman” թերթի հետ զրոյցին յայտարարած է, որ ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպաման պիտի արտաբերէ “Հայոց Ցեղասպանութիւն” բառակապակցութիւնը:

Լրագրողի այն հարցին, թէ իր կարծիքով այս տարի ԱՄՆ կառավարութիւնը ինքզինք ինչպէս կը դրսեւորէ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի հարցով՝ Ֆիլիփս պատասխանած է. “Եկէք հասկնանք, թէ ինչ կը նշանակէ “Ցեղասպանութիւն” եզրը: Ան ունի չորս չափորոշիչ. պէտք է սպաննուած ըլլայ աւելի քան մէկ մարդ, եւ այդ մարդիկ պէտք է ներկայացնեն միեւնոյն ցեղական, ռասայական եւ կրօնական խումբը: Սպանութիւնը պէտք է ըլլայ կանխամտածուած, եւ սպանութիւնները պէտք է կրեն կանոնաւոր բնոյթ: Հայերու հետ կատարուածը լիովին կը համապատասխանէ այս չափորոշիչներուն: ԱՄՆ-ը պէտք է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնայ: Նախագահ Օպամայի անձնական տեսակէտը այս հարցին վերաբերեալ բոլորին յայտնի է: Սակայն երբ դուն կը դառնաս նախագահ, դուն այլեւս չունիս անձնական տեսակէտ, քանի որ ան կը վերածուի երկրի պաշտօնական դիրքորոշման: Բաւականին օգտակար կ’ըլլար, եթէ ան արտաբերէր “Հայոց Ցեղասպանութիւն” բառակապակցութիւնը,– ըսած է փորձագէտը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին