Հայ 97-ամեայ մեծահարուստ Քըրք Քըրքորեան կը նախատեսէ նկարահանել Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող շարժանկար:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին showbiz411.com կայքին մէջ գրած է լրագրող Ռոճըեր Ֆրիտմանը` յենուելով անանուն աղբիւրի հաղորդած տուեալներուն վրայ եւ ընդգծելով, որ Քըրքորեան միշտ հիացած եղած է «Հոլիուտով»:
Կը նշուի, որ շարժանկարի նախագծին արդէն միացած են «Օսկար»-ի առաջադրուած բեմադրիչ եւ սենարիստ, որոնց անունները չեն հաղորդուիր: Շարժանկարին մէջ պիտի նկարահանուի են տարբեր յայտնի դերասաններ, որոնց անունները կրնան շուտով հրապարակուիլ:
Ֆրիդմանը յայտնել է, որ դեռ չվերնագրուած շարժանկարի նկարահանումները պիտի սկսուին ամրան Եւրոպայի մէջ: Լրագրողի հաւաստումով` շարժանկարի պիւտճէն մեծ պիտի ըլլայ: Լրագրողը համոզում յայտնած է, սակայն, որ շարժանկարին մէջ ամէն պարագային Քարդաշեանները պիտի չըլլան:
Յօդուածին հեղինակը կը յիշեցնէ ընթերցողներուն, որ 97-ամեայ հայ գործարարը ունի 4 միլիառ տոլարի կարողութիւն: Ռոճըր Ֆրիտմանը տասը տարի Fox News-ին մէջ աշխատելէ ետք 2009 թուականէն սիւնակ ունի showbiz411.com-ի մէջ:
Ան հրապարակումներ ունի նաեւ Vouge, The New York Times, Post, Daily News պարբերականներուն մէջ: «Արմէնփրես»-ը դեռ չի հաստատեր տուեալ տեղեկատուութեան հաւաստիութիւնը, սակայն կը փորձէ կապ հաստատել ու ճշտել զայն: