Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Սեմինար Պրիւքսէլի Մէջ

Պրիւքսէլ Ակադեմիայի պալատին մէջ՝ Աուշվիցի հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ՝ Մարտ 16-ին տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած սեմինար: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը:

“Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման շատ վէճեր կը յառաջացնէ. նախ, Թուրքիոյ կառավարութեան ժխտողական քաղաքականութեան պատճառով, թէեւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած են շատ պետութիւններ: Միւս կողմէն, ամբողջ աշխարհի հայ հասարակութիւնը կը պայքարի պատմական յիշողութեան ճանաչման եւ պահպանման համար: Իսկ հիմա կա՞յ յիշողութիւն Թուրքիոյ հայերու մասին: Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման միտումը կ’արտայայտուի թրքական հասարակութեան բոլոր խաւերէն ներս: Այդուհանդերձ, Թուրքիոյ մէջ կայ հայ համայնք, հայկական մամուլ, կան նաեւ թուրքեր, որոնք ճանաչում կը պահանջեն: Սեմինարի մէկ մասը պիտի նուիրուի այն դժուարութիւններուն, որոնց կը բախին Թուրքիոյ հայերը (անոր ողբերգական օրինակը եղաւ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը 2007-ի Յունուար 19-ին): Ինչի՞ վրայ կը հենի յիշողութիւնը: Կա՞ն այլ նպատակներ, բացի երիտթուքերու եւ անոնց յանցակիցներու կողմէն այդ յանցագործութիւնը ճանչնալէն: Հնարաւո՞ր է հաշտութիւն: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին ինչ դեր կրնայ խաղալ Հոլոքոսթի պատմութիւնը”,– ըսուած է հիմնադրամի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին