Լիբանանի մէջ հրատարակուող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու պաշտօնաթերթերու խմբագիրները, յետ խորհրդակցութեան, որոշած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրատարակել ԱԶԴԱԿ-ԱՐԱՐԱՏ-ԶԱՐԹՕՆՔ միացեալ թիւ, Ապրիլ 24-ի օրը։
Միացեալ թիւի բովանդակութեան եւ աշխատակցութիւններուն մասին ընթերցողները կը տեղեկանան հետագային։