Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատին Թղթածրարը Կը Ստանայ Իր Վերջնական Ձեւը

Անցնող օրերու ընթացքին, Ժընեւի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացուելիք դատով զբաղող յանձնախումբը ունեցաւ իր վերջին նիստը: Այս մասին կը հաղորդէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:

Մասնագէտներէ կազմուած յանձնախումբը անցնող շուրջ երկու տարիներու ընթացքին, միշտ Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ, հանդիպումներ ունեցած էր պատրաստելու համար Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքին դատական թղթածրարը:

Յիշեալ թղթածրարը իր վերջնական ձեւը ստացաւ եւ մօտ օրէն պիտի ներկայացուի Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան: Բնականաբար, այս դատը իր էութեամբ մեր Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին դատը ըլլալով, այս ուղղութեամբ ըլլալիք զարգացումներուն մասին տեղեակ պիտի պահենք մեր ժողովուրդը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին