Հայոց ցեղասպանութիւնէն ետք ԱՄՆ-ի մէջ Զօրավար Անդրանիկի ստորագրութեամբ հանգանակութեան կտրոններ հրապարակուած են:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հրապարակած “100 Իրապատում Հայոց ցեղասպանութեան մասին” գիրքի նմուշներէն մէկն ալ 1919 թ. վերջին ԱՄՆ-ի մէջ հրապարակուած կտրոնը` “փրկութեան հանգանակութիւն” կեդրոնական յանձնախումբի կողմէն, զոր կը ղեկավարէր Անդրանիկ Օզանեանը:
“Արմէնփրես”-ի փոխանցմամբ, ինչպէս յայտնած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը, կտրոնի վրայ գրուած է. “փրկութեան հանգանակութիւն Հայաստանի կարօտելոց”: Կեդրոնին` ովալաձեւ շրջանակի մէջ, պատկերուած է Խրիմեան Հայրիկի (Մկրտիչ Խրիմեան) դիմանկարը, որ կիսով չափ օղակած դափնեպսակին գրուած է “Հայրիկ”: Նկարի աջ կողմը ԱՄՆ-ի, իսկ ձախին` Հայաստանի առաջին հանրապետութեան դրօշներն են: Կտրոնի մէջ գրուած է նուիրատուի անուն-ազգանունը` Ստեփան Սողոմոնեան եւ հանգանակած գումարի չափը` 100 տոլար: Ստորին հատուածին յանձնախումբի նախագահ Անդրանիկ Օզանեանի եւ գանձապետ Կ. Մարգարեանի ստորագրութիւններն են:Կտրոնի աջ անկիւնին նկարուած է հայ կարիքաւոր ընտանիք` հայրը, մայրը եւ երկու երեխաները, որոնցմէ մէկը, ձեռքերը առաջ պարզած, հաց կամ դրամ կ’աղերսէ: Ձախ անկիւնին պատկերուած է Հայաստանը` Արարատ, Սիփան լեռներով եւ Վանայ լիճով: