Շաբաթ, 21. 06. 2025

spot_img

Թուրքիա Յետս Կոչեց Կալիբոլիի Ճակատամարտը 24 Ապրիլին Նշելու Իր Ծրագիրը

Թուրքիոյ կառավարութիւնը յետս կոչած է Կալիբոլիի ճակատամարտի   100-ամեակը յառաջիկայ 24  Ապրիլին նշելու իր ծրագիրը:

Այս մասին  գրած է թրքական «Զաման»     պարբերականը: Թերթը, որ այս մասին զրուցած է թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը հետ նկատել տուած է, թէ կառավարութեան այս որոշումը կապուած է, այն խնդրին հետ, որ միջազգային հանրութիւնը բաւարար հետաքրքրութիւն չէ ցուցաբերած այդ  հրաւէրին առնչութեամբ  եւ   շուրջ 100 երկիրներու նախագահ Էրտողանի  կողմէ  ուղղուած հրաւէրին  ցարդ ընդառաջած են 5  պետութիւններ:  

Թերթը նաեւ   յիշեցուցած է, որ Էրտողան  նոյն հրաւէրը ուղղած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ վերջինիս պատասխանը եղած է  ժխտական: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին