Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Անմոռանալի Վահէ Շահինեանի Յիշատակին (Փոխան ծաղկեպսակի, քառասունքին առիթով)

*ՄԱՐԳԱՐ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ*

Վահէ սիրելիս,

Յիշատկութեան առիթը, այս անգամ դառնօրէն եւ անողորմաբար պարտադրեցիր մեզ բոլորիս:

Բնաւորութեամբ անհարիր, այսպիսի շուտափոյթ եւ անժամանակ մեկնումովդ, մեզ՝ հարազատներուդ եւ սիրելիներուդ, պարտաւորութեան այս խորթ ու անմեկնելի առիթով, շղթայուած առաջնորդեցիր կենսագրութեանդ փառքի յուշամատեանը թերթելու եւ որու ամրակուռ պատուանդանին լուսակերտ տառերով արձանագրուած է Վահէ Շահինեան՝ հայահոս արուեստագէտի փառապսակը:

Փառապսակ, որու ընդգրկուն ծաւալը կազմեցին մասնագիտական բազում ցուցահանդէսներ, բարձրարժէք տիտղոսները, պարգեւներն ու գնահատականները, որոնք արժեւորեցին բեղուն եւ մեծարժէք վաստակդ:

Վահէ սիրելիս,

Դուն որպէս լուսանկարող կենսագրիչ, այն բոլոր ժամանակներուն, որոնք լիարժէքօրէն ապրեցար, եւ յատկապէս Մայր Հայրենիք կատարած յաջորդական այցելութիւններէդ ետք, միշտ հպարտ անէացումով շատ բան ունէիր ըսելու:

Վահէ հարազատս,

Սակայն այս «վերջին»ը ինչո՞ւ մեզ պարտադրեցիր, որ մենք ձայնենք այս վերջինի մասին, տակաւին չամփոփած ըսելիքներդ, անժամանակ մեկնեցար, եւ մեր մխիթարութիւնը այն է, որ մեկնեցար՝ յաւերժի ճամբով:

Անկրկնելի, մեր սիրելի, հարազատ, բարեկամ եւ ընկեր Վահէ:

Նաեւ մեր մխիթարութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ բոլոր ժամանակներու ընթացքին քեզ ճանչցող մտերիմները եւ անոնց սերունդները, ամէն անգամ այցելելով Հայրենիք եւ իրենց հայեացքով ըմբոշխնելով ձիւնազարդ ու գեղատեսիլ Արարատի համայնապատկերը, որու բազում դրուագները վարպետօրէն կերտեցիր քու երանելի լուսանկարչական խցիկովդ, պիտի յիշեն քեզ եւ պիտի կրկնեն ըսելով, այս մէկ հայեացքն ալ կրկին թող ըլլայ մեր աննման Վահէի ընդհատուած հայեացքի շարունակութիւնը:

Վահէ սիրելիս,

Յաւերժահարս Արարատի լուսակերտ հայեացքներով քեզ կ’ուղեկցինք յաւերժի ճամբով:

Դամասկոս

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին