Նահատակ Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի յիշատակը յարգելու համար քաղաքական անձնաւորութիւններ, բազմաթիւ համակիրներ եւ նահատակին յիշատակը յարգողներ շաբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ փութացին՝ Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի շիրիմը յարգանքի տուրք մատուցելու անոր յիշատակին:
Իր կարգին Նահատակ Վարչապետին 10–րդ տարելիցին առիթով, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց նահատակ վարչապետին Ռաֆիք Հարիրիի շիրիմը: Գերազանցօրէն ահաբեկչական՝ քաղաքական սպաննութեան զոհ գացած վարչապետին ուղեգիծը, եւ լիբանանեան համայնքներու միջեւ հաւասարութիւն ու համերաշխութիւն տարածելու անոր առաքելութիւնը, որպէս ուղի կը ծառայէ իր տեսիլքին հաւատարիմ մէն մի լիբանանցիի: Նահատակ վարչապետին յիշատակելը պարտականութիւն է իւրաքանչիւր հայու, որովհետեւ ան մարդասէր մեծ անձ մը ըլլալէ անդին հայասէր ղեկավար մըն էր: Այս առումով Ռաֆիք Հարիրի մեծ ներդրում ունեցած է Լիբանանահայութեան եւ Լիբանան-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման՝ բազմաթիւ անգամներ օժանադկութիւն եւ նեցուկ ցոյց տալով ինչպէս լիբնանանահայութեան՝ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան: