Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեանի Դասախօսութիւնը Հրանդ Տինքի Մասին

Ընթացիկ տարուայ մէջ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը ծրագրած է շարք մը միջոցառումներ ոգեկոչելու Հայոց Ցեպասպանութեան Հարիւրամեակը՝ վառ պահելու արդարութեան եւ ճշմարտութեան ջահը։  Անոնց շարքին, յատուկ Բանախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 30 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Բըրէմըսի (Նիւ Ճըրզի) Հայ Երիցական Եկեղեցիին մէջ։ Օրուան Բանախօսը՝ Զաւէն Խանճեան՝ Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէնը, հանդէս եկաւ Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած դասախօսութեամբ մը՝ «Հրանդ Տինք՝ Մարդը, Առաքելութիւնը եւ Նահատակութիւնը» նիւթին շուրջ։

            «Je suis Charlie կարգախօսէն շատ առաջ, մենք՝ արդէն ունէինք նման կարգախօս մը՝  Մենք բոլորս Հայ ենք, Մենք բոլորս Հրանդ Տինք  ենք», ըսաւ Պրն. Խանճեան, Բըրէմըսի եկեղեցասրահը լեցնող հոծ բազմութեան մը, որոնք ձմրան այդ պաղ եղանակը արհամարհած, եկած էին ներկայ ըլլալու Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած այս հանդիսութեան։

            Պրն. Խանճեան եւ իր տիկինը՝ Սօնան, բախտաւորութիւնը ունեցած էին մտերմանալու Հրանդ Տինքին հետ անոր մահուընէ շատ քիչ առաջ։ Այս պատճառով, անոր ներկայացուցած դասախութիւնը կը ներկայացնէր ոչ միայն վկայութիւններ կամ պատմական դէպքեր, այլ նաեւ անձնական յիշողութիւններ անոր հետ ունեցած իր շփումներէն։ Պրն. Խանճեանի դասախօսութեան մէկնակէտերէն մին հիմնուած էր Հրանդ Տինքի մէկ պատգամին վրայ, զոր ան ներկայացուցած էր Լոս Անճէլոսի Միացեալ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին մէջ՝ ընդամէնը իր նահատակութենէն երկու ամիս առաջ։ Իր խօսքերուն մէջ, Հրանդ Տինք մեծ սիրով եւ երախտագիտական ոգիով յիշած էր իր կապերը Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հետ, յատկապէս Պոլսոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին պատականող՝ Թուզլայի Արմէն եւ Արմենուհի ճամբարին մէջ իր անցուցած օրերը։ Հրանդ Տինք, Միացեալ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին մէջ ներկաներուն պատմած էր, թէ ինչպէս որպէս որբ տղայ, ան իր պատանեկութեան օրերը ապրած էր Կէտիկ Փաշայի (Իսթանպուլ) Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի ներքնայարկը գտնուող Պոլսոյ Պատանեկան Տան մէջ։ Պոլսոյ Պատանեկան Տան ընդհանուր տնօրէնը, հանգուցեալ Պրն. Հրանդ Կիւզէլեան, երազ ունէր ստեղծելու ամառնային ճամբար մը, ուր Պատանեկան Տան պատսպարեալները պիտի անցընէին իրենց ամառուան արձակուրդի օրերը, վայելելու քաղաքէն դուրս բնութիւնը եւ շարունակելու իրենց Աստուածաշունչի եւ հայ մշակոյթի հետ առընչուող դասընթացքները։  Եւ իսկապէս, Պրն. Կիւզէլեան հիմը դրած էր Թուզլայի ճամբարին։

            Հրանդ Տինք յիշած էր, թէ Թուզլա ճամբարի առաջին տարիները այսօրուայ հասկացողութեամբ երազային արձակուրդի օրեր չէին եղած։ Սկզբնական տարիներուն անոնք մնացած էին վրաններու տակ եւ ութ տարեկան հասակին, Հրանդ Տինք եւ իր հասակակիցները սորված էին շինարարական հմտութիւններ եւ ծանր աշխատանքով կառուցած էին այդ ճամբարը, որ յետագային ան նկարագրած էր որպէս «դրախտավայր»։ Այդ վայրը  «ծովէն դուրս ձեւաւորուած մաքուր եւ նուրբ աւազով լճեզերք մըն էր… փոսերու կողքին, թուզի եւ ձթենիի փոշոտ ծառերով», ըսած էր ան։

            Թուզլա ճամբարին մէջ Հրանդ Տինք ոչ միայն աշխատած, սորված եւ խաղցած էր, այլ յետագային հանդիպած էր իր ապագայ տիկնոջ՝ Ռաքէլին, որ ճամբար եկած էր եօթ տարեկան հասակին՝ որպէս քրտացած հայ աղջնակ մը։ «Մենք միասին մեծցանք, ամուսնացանք այդ ճամբարին մէջ, մեր զաւակները հոն ծնան» ըսած էր Հրանդ Տինք։

            Բայց ի վերջոյ Թրքական կառավարութիւնը կալանքի տակ առած էր ճամբարի տնօրէն՝ Պրն. Հրանդ Կիւզէլեանը, մեղադրելով, դատապարտելով եւ բանտարկելով զինք, որպէս թէ ան «Հայ զինեալներ կը պատրաստէ» այդ ճամբարին մէջ, պատկերացում մը որ՝ Հրանդ Տինք ծիծաղելի կը գտնէր։  «Մեզմէ ոչ ոք մեծցաւ այդ վայրին մէջ որպէս զինեալ», ըսած էր ան։ Սակայն Կիւզէլեանի ձերբակալութիւնը թողուցած էր այդ ճամբարը առանց առաջնորդի եւ եկեղեցին առանց հովիւի։ Հրանդ Տինք, ամէն Կիրակի հաւատարմօրէն բաց պահած էր Կէտիկ Փաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին, ուր ան քարոզած էր բեմէն՝որպէս ժողովուրդ ունենալով եկեղեցւոյ պահակը, տիկինը եւ իր երեք զաւակները։

            Թրքական կառավարութիւնը շարունակած էր պնդել, թէ Թուզլա ճամբարի սեփականատիրութիւնը Հայերուն տրուած էր սխալմամբ, եւ անոր հիման վրայ երեխաները դուրս վտարած էին ճամբարէն։ Իր դասախօսութեան այս բաժինը նկարագրելու համար, Պրն. Խանճեան ցուցադրեց SWALLOW’S NEST (Ծիռեռնակին Բոյնը) խորագրով տեսաերիզ մը, արտադրութեամբ Sehbal Senyrt եւ Nedim Hazarի, (ազնուօրէն տրամադրուած Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանի կողմէ ) ուր կը ներկայացուէր Հրանդ Տինքը ճամբարի փլատակներուն մէջ՝ վայր մը որ իր մանկութեան եւ պատանեկութեան եղած էր անոր «դրախտավայր»ը։ Մինչ ան կը շրջի ճամբարի փլատակներուն մէջ, կը յիշէ պարտադրուած անարդարութիւնը, ճամբարին գրաւումը: Այդ փորձառութիւնը իր մէջ կ՚արմատացնէ ընկերային անարդարութեան զգացողութիւնը՝ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւն կազմող համայնքներու հանդէպ։

            Որպէս լրագիր իր կատարած յանդուգն արտայայտութիւններուն համար, Հրանդ Տինք ի վերջոյ մեղադրուած էր Թուրքիոյ պետութեան կողմէ տխրահրչակ 301 յօդուածի խախտման ամբաստանութեամբ, ըստ որուն  թուրքերը արհամարհելը ոճիր մըն էր։ Հրանդ Տինք ենթարկուած էր պայմանական ազատազրկումի։ Ան շատ լաւ գիտէր, թէ թէեւ բանտարկութեան ենթարկուած չէր, սակայն այդ մեղադրանքը կը դասէր զինք որպէս «նշուած» մարդ։ Տինք շարունակեց մնալ Թուրքիա, առ ի յարգանք այն հազարաւոր հայորդիներուն, որոնք իր կողքին եղած էին եւ իրեն աջակցած, բայց գիտակից թէ ինք կ՚ապրէր աղաւնիի մը պէս «համակուած այն ամէն ինչով որ տեղի կ՚ունենար իր աջին, ձախին, ետեւ եւ առջեւ։ Գլուխը միշտ շարժումի մէջ… առագօրէն մէկ կողմէն միւսը դարձող»։

            Հրանդ Տինք շարունակած էր ըսելով.- «Ես ինքզինքս կը տեսնեմ մտահոգ աղաւնիի մը նման, բայց ես գիտեմ, որ այդ երկրին մէջ մարդիկ չեն դպչիր աղաւնիներուն։ Աղաւնիներ կրնան ապրիլ քաղաքներու մէջ, նոյնիսկ խճողումի մէջ։ Թերեւս քիչ մը վախցած՝ բայց ազատ»։

            Դժբախտաբար Հրանդ Տինք արժանի չեղաւ այդ ազատութեան եւ 2007 Յունուարի 9-ին, երբ ան դուրս կուգար իր գրասենեակէն, 17-ամեայ Օկուն Սամասթը ահաբեկեց զինք պատճառ դառնալով անոր մահուան։ Ապագայի յետաքննութիւնները պարզեցին, որ Սամասթը իր արարքը գործած էր այսպէս կոչուած «Խոր Պետութիւն» համակարգի անդամներու հրամանին վրայ, որոնք ծայրայեղ ազգայնականներ էին։ Գաղտնիք չէ այլեւս, թէ այս համագրագին մէջ կան նաեւ պետական անձնաւորութիւններ եւ իրաւապահեր։

            Վերյիշելով Հրանդ Տինքի կեանքը, Պրն. Խանճեան ընդգծեց այն արժէքները, որոնց համար ապրած էր Տինք։ Անոնց մէջ ընդգրկուած էին Քրիստոնէական հաւատքը, որ ան ընկալած էր Հայ Աւետարանական Եկեղեցիէն, Պոլսոյ Պատանեկան Տունէն եւ Թուզլա ճամբարէն – ինչպէս նաեւ անխախտ մնացած քաղաքացիական իրաւունքները այն բոլոր մարդկանց, որոնք կ՚ապրին Թուրքիոյ մէջ։ Տինք համոզումով պնդեց թէ ինք թէեւ Թուրք քաղաքացի մըն էր բայց եւ հայ էր եւ ոչ թուրք: Ասոնց մէջ կ՚՚իյնայ նաեւ յանձնարութիւնը խօսքի ազատութեան՝ ուժեղ հաւատք մը արդարեւ, ուր Հրանդ Տինք նոյնիսկ հակադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականցնող ֆրանսական օրէնքին:

            Պրն. Խանճեան իր դասախօսութիւնը աւարտեց դրական լարով մը, կանխատեսելով, թէ ճշմարտութեան դէմ պայքարող բոլոր ոյժերը, ի վերջոյ պիտի յաղթահարուին, յոյս ներշնչելով, որ արդարութիւնը եւ Հայոց Ցեպասպանութեան ճանաչումը ի վերջոյ պիտի յաղթանակեն։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին