Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ՝ Պրն. Կարպիս Նազարեանի Մահուան Առիթով

Բարեգործութեամբ լիացած կեանք մը ապրելէ ետք` այսօր, անցաւոր այս կեանքէն յաւերժ կը մեկնի Պրն. Կարպիս Նազարեանը։

Հանգուցեալ Պրն. Նազարեան կը նկատուի օրինակելի ազգասէր մը, որ սփիւռքահայութեան իրավիճակին մէջ վարչական թէ ազգային մեծ ներդրում ունեցած է։ Ամողջ կեանք մը ան իր բարեգործ ներդրումը բերած է մեր ժողովուրդին կեանքէն ներս անշահախնդիր մօտեցումով եւ ազգին բարօրութեան հետամուտ ծառայասէր ոգիով. Հետեւաբար, այսօր հայութիւնը առհասարակ եւ աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդը մասնաւորաբար կը կորսնցնեն նուիրեալ հայ մը եւ ազգային բարերար մը։

Այս տխուր առիթով եւ յանուն Թէքէեան Մշակութային Միութեան աշխարհատարած անդամութեան, մեր վշտակցութիւնը կը յայտնենք Միութեանս մեծ բարեկամ` Պրն. Նազարեանի ընտանեկան պարագաներուն, Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ Հ.Ե.Ընկերակցութեան ինչպէս նաեւ հանգուցեալին բարեկամներուն։

Թող որ Ամենակալը իր գութով ողողէ Պրն. Կարպիս Նազարեանի հոգին եւ նուիրումի իր ոգին փոխանցէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

Ի Դիմաց`

ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՐՄՆԻՆ

Ատենադպիր`                                                        Ատենապետ

Արտաւազդ Մելքիսէթեան                                         Յակոբ Գասարճեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին