Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Վիրահայերը Հանդիպեցան «Պետական Լեզուի Մասին» Օրինագիծի Հեղինակներուն

Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Դաւիթ Ուսուպաշվիլին հանդիպած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Այս մասին կը հաղորդէ “Մետիամաքս”ը:

Փետրուար 9-ին խորհրդարանի Թիֆլիսի շէնքին մէջ կայացած հանդիպման մեկնարկին, Դաւիթ Ուսուպաշվիլին ըսած է, որ քաղաքացիական հասարակութեան հայ ներկայացուցիչները «հիւրեր չեն, քանի որ անոնք Վրաստանի քաղաքացիներ են»:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ինքնակառավարման եւ աշխատանքային գաղթի վերաբերող հարցեր:

Անդրադարձ  կատարուած է նաեւ երկքաղաքացիութեան հարցին. աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ ջաւախահայերը որոշակի խնդիրներ ունին այդ հարցին հետ կապուած:

Դաւիթ Ուսուպաշվիլին նաեւ խոստացած է առանձին հանդիպում կազմակերպել «Պետական լեզուի մասին» օրինագիծի հեղինակներուն հետ` առկայ հարցերը քննարկելու համար:

Վրաստանի խորհրդարանի նախագահը պէտք է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանէր Փետրուար 1-ին, սակայն անոր հիւանդութեան պատճառով այցը յետաձգուեցաւ մինչեւ Փետրուարի կէսը:

Հանդիպումը անցաւ ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին