Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Պահանջատիրութեան Յուշարձան Պաղտատի Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ Բակին Մէջ

Իրաքի կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ, հասարակական գործիչ Պրն. Պարոյր Յակոբեան «Հայերն Այսօր»-ին հետ զրուցելով հաստատած է, որ խաչքարեր հասած են Իրաք, այժմ կը գտնուին Քիւրտիստանի ինքնավար մարզի` Էրպիլ քաղաքին մէջ: Խաչքարերը թիւով ինն են եւ մէկ յուշարձան, տեղափոխուած են Հայաստանէն Իրաք Պարսկաստանի ճանապարհով:

Պրն. Յակոբեան նշած է , որ ցեղասպանութեան ձեռնարկները համակարգող Իրաքի կեդրոնական յանձնախումբը որոշած էր Իրաքի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ խաչքարեր տեղադրել 100-րդ տարելիցին առիթով, խաչքարերը պատրաստուած են Երեւանի մէջ , Խաչքարագործ` Վարազդատ Համբարձումեանի կողմէ:

Խաչքարերը պիտի տեղադրուին Պաղտատի Ս. Կարապետ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու բակին մէջ, Պասրայի Ս. Աստուածածին, Քերքուկի Ս. Աստուածածին, Տըհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի, Աւզրուկի Ս. Վարդան, Զախոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն մէջ, Էրպիլի Եկեղեցին տակաւին կառուցման ընթացքի մէջ ըլլալուն`խաչքարը պիտի տեղադրուի յետագային, իսկ Մուսուլի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ խաչքարը առայժմ ի պահ կը մնայ Էրպիլի մէջ, Մուսուլ քաղաքի ներկայիս բոլորին յայտնի իրավիճակին պատճառով: Պաղտատի առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ պիտի տեղադրուի ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան, որ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը:

Պրն. Վարազդատ Համբարձումեան սիրով տրամադրած է խաչքարի եւ յուշարձանի նկարները:  Վերը նշեցուած յուշարձանը կը խորհրդանշէ պահանջատիրութիւն, Պրն. Վարազդատ նշած է, որ յուշարձանի վրայ տեղադրուած խաչը` ազատատենչ ժողովուրդին համար եղած է ե ́ւ հաւատքի ե ́ւ ոտնահարուած իրաւունքներու պաշպանութեան թուրը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին