Ուրբաթ, 08. 11. 2024

spot_img

Շուէտի Հայերն Ու Ասորիները Կը Համագործակցին Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Ընդառաջ

Հայ­-ասորական յարաբերութիւնները առանձնայատուկ նշանակութիւն ունին, քանզի երկու ժողովուրդներն ալ իրենց պատմութեան ընթացքին դարձած են բազում ոճրագործութիւններու եւ 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ ցեղասպանութեան զոհը: “Արմէնփրես”-­ի փոխանցմամբ այս մասին նշած է Շուէտի Թագաւորութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտակ Ապիտոնեանը` Փետրուար 8-­ին ասորիներու ազգային հերոս Նաում Ֆայիքի յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին ունեցած ելոյթի ժամանակ: Դեսպանը ընդգծած է, որ հայերն ու ասորիները նաեւ ամուր մշակութային կապեր ունին: “Մի շարք ասորական հնագոյն տեքսթեր (բնագիրներ) այսօր պահպանուած են միայն հայերէն տարբերակով, իսկ մինչ հայկական այբուբենի ստեղծումը հայերը դարերով օգտագործել են ասորական այբուբենը”,- նշած է ան:

Սփիւռքի հայկական եւ ասորական համայնքները պահպանած եւ հարստացուցած են իրենց յարաբերութիւնները` յատկապէս Շուէտի մէջ, ուր երկու ժողովուրդներու ազգային հիմնադրամները սերտօրէն կը համագործակցին՝ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ անոնց դէմ իրականացած ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար: Համայնքներու առաջնորդները յանձն առած են աւելի խորացնել այդ երկկողմ համագործակցութիւնը Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին