Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

Եւրոխորհրդարանի Անդամ Փիթըր Օմտզիխտը Այցելեց Ալմելոյի Հայկական Համայնք

Փետրուար 8-ին Ալմելոյի Հայ Առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի այցելած է Հոլանտայի ազգային ժողովի պատգամաւոր, Եւրոխորհրդարանի անդամ, Քրիստոնեայ-Դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ Փիթըր Օմտզիխտը: Անոր կ’ուղեկցէին նաեւ կուսակցութեան  քանի մը անդամներ, ինչպէս նաեւ Ալմելոյի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ Ռոպին Հայկ Գելիճի Ներսիսեան եւ Օւերայսէլ մարզի խորհրդարանի անդամութեան թեկնածու Սուսան Ֆաալ-Տաքաքը: Այս մասին ըստ «Hayernaysor»ի, Ալմելոյէն կը յայտնէ Մանուկ Մկրտչեան:

Սկիզբը հիւրերը մասնակցեցան Սուրբ Պատարագին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ առանձնազրոյց Եկեղեցւոյ վարչութեան անդամներուն հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ կատարուելիք աշխատանքներու համատեղ ծրագիրները:

Փիթըր Օմտզիխտը խոստացաւ հետամուտ ըլլալ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ինչպէս նաեւ քայլեր ձեռնարկել Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան դէմ:

Առանձնազրոյցէն ետք տեղի ունեցաւ ընդլայնուած հանդիպում հայ համայնքին հետ, ուր հիւրերը ներկայացուցին իրենց ծրագիրները: Այնուհետեւ պատասխանեցին ներկաներուն յուզող հարցերուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին