Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

«ԱՐՑԱԽ ՌՈՒՑ ԻՆՎԵՍԹՄԸՆԹ»-Ի (ԱՌԻ) 5-րդ Ընդհանուր Ժողովը

Երեքշաբթի, 10 Փետրուար 2015-ին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ՝ «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ի (ԱՌԻ) 5-րդ ընդհանուր ժողովը, ներկայութեամբ ԱՌԻ-ի բաժնետէրերու:

ԱՌԻ-ի նախագահ Սուրէն Սարգիսեան բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, յետադարձ ակնարկ մը նետեց անցնող 5 տարիներուն ընթացքին ԱՌԻ-ի տարած աշխատանքին, անոր արձագանգին եւ յաջողութեան արդիւնքներուն վրայ: Ան շեշտեց, որ ԱՌԻ-ի սրբազան նպատակն է վերաբնակեցնել Արցախի ազատագրուած հողերէն Քաշաթաղ եւ Շահումեան շրջանները, որոնք ռազմավարական նշանակութիւն ունին:

Սարգիսեան իր խօսքին մէջ յիշեց, որ բաժնետէրերէն 75 հոգի առիթ ունեցած են այցելելու Շահումեան եւ Քաշաթաղ` անձամբ տեսնելու եւ վայելելու իրենց ներդրումին արդիւնքները:

Ապա համապատասխան լուսանկարներու եւ տեսանիւթերու զուգընթաց, Ստեփան Տէր Պետրոսեան ներկայացուց ԱՌԻ-ի գործունէութեան ամբողջ ընթացքը: Ան անդրադարձաւ, թէ 17 բաժնետէրերով սկսած ծրագիրը այսօր իր շուրջ կը համախմբէ 150 բաժնետէրեր, որոնց մէջ կան հաստատութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:

Ապա Մասիս Ալեքսանտրեան ներկայացուց ԱՌԻ-ի ելեւմտական-տնտեսական պատկերը: Ան յայտնեց, որ նիւթապէս փայլուն էին անցնող տարիները եւ կ՛ակնկալուի մեծ աճ ու բարգաւաճում յառաջիկայ տարիներուն:

Իսկ Վահան Գասարճեան անդրադարձաւ ԱՌԻ-ի ներկայ եւ գալիք ծրագիրներուն: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ 2014 թուականին առաւել ուշադրութեան կեդրոն հանդիսացաւ եւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ ԱՌԻ-ն, որուն մասին հաղորդեցին տարբեր լրատուամիջոցներ` տարբեր լեզուներով:

Նիստը վաւերացուց ԱՌԻ-ի 2013 տարեշրջանի հաշուեփակը, որմէ ետք յայտարարուեցաւ ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի կազմը:

Նիստի աւարտին զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին